1955, Պէյրութ, Մարուսիա (ծնեալ Միքայէլեան) Կիւլպէնքի տարեդարձին հաւաքոյթը: Ձախէն՝ Էոժէնի Սանտրիքը, Սոնա Պագալեանը, Սոնային ետեւը կանգնած՝ Մարուսիային երէց դուստրը՝ Քրիսթինը, Ռուբէն Մազմանեան (պուզուքիա նուագողը), Ռոզա Զավզաաճեանը՝ անծանօթ մը:

Աշըգեան/Իյնէճեան/Պագալեան/Պօհճէլեան հծոյ, մաս 3

Հեղինակ՝ Անի Պագալեան, Նիւ Եորք, 18/11/2020 (վերջին փոփոխութիւն՝ 18/11/2020), թարգմանութիւն՝ Վարուժ Թէնպէլեան

Բ հրապարակում. Կեսարացի Յարութիւն Իյնէճեանի շառաւիղները

Հաճի Յարութիւն Իյնէճեան (ծնեալ Կեսարիա - մահացած Պոլսոյ մէջ), անոր զաւակը՝ Պետրոսը եւ ընտանիքը Զուիցերիա կը հատատուին 1915-էն յետոյ: Գէորգ Դանիէլ Ալլահվերետեան ծնած է Պանտըրմայի մէջ, իսկ 1923-էն ետք անունը կը դառնայ Ալլահվերտի: Անոր դուստրը՝ Մարիամ Սոնա, ծնած է Պոլսոյ մէջ: Ընդհանրապէս, կիներու կեանքը չի յիշատակագրուիր, հետեւաբար Սոնային ընկերներէն միայն մէկ քանին կը ճանչնանք:

1923-ին, Լոզանի դաշնագիրը (24 Յուլիս) կը ճանաչնայ «Թրքական Հանրապետութիւնը», Անգարան կը հռչակուի մայրաքաղաք (29 Հոկտեմբեր), իսկ Մուսթաֆա Քեմալ կը դառնայ առաջին նախագահը: Արմատական բարեկարգումներ զիրար կը յաջորդեն, ինչպէս՝ կրթութեան կեդրոնացումը1924-ին, ֆէսի օրինակով գլխազարդի եւ աւանդական հագուստի արգիլումը 1925-ին, միջազգային ժամային դրութեան որդեգրումը, միջազգային-Գրիգորեան օրացոյցի որդեգրումը 1 Յունուար 1927-էն սկսեալ, եւ թրքական նոր այբուբենի որդեգրումը 1928-ին: Կոստանդնուպոլիսը կը փոխուի Իսթամպուլի, 1930-ին: Այս բարեկարգումները փառաւոր էին թուրքերուն համար, բայց չարակամ, որոշ օրէնքներ նոյնիսկ  պատժական էին հայերու եւ այլ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ: «Վաթանտաշ Թիւրքճէ Քոնուշ»ը (Քաղաքացի թրքերէն խօսէ!), 1928-ին, հայերուն եւ յոյներուն կ'արգիլէ հրապարակաւ իրենց մայրենի լեզուն խօսիլ: Մականուններու վերաբերող 1934-ի օրէնքը կը թրքացնէ անունները, օրինակ, Գէորգ Ալլահվերտեանի անունը կը փոխուի Ալլահվերտիի, Փարթիքեանը կը դառնայ Փարթիքօղլու, Քալէնտէրեանը՝ Քալէնտէրօղլու: Տակաւին, աշխարհագրական անուանումները (ինչպէս քաղաք/գիւղ, փողոց, լիճ եւ լեռ), որոնք հայկական, ասորական, յունական եւ քրտական էին, կը վերածուին թրքերէնի:

Կեսարիայէն Աշըգեան տոհմի պատմութիւնները կը շարունակուին Հաճի Յարութիւն Իյնէճեանի, խնամիներուն, եւ Պոլսէն անցածներուն կամ հոն հաստատուած մնացեալ քիչերուն հետ: 1895-ի շուրջ, Պետրոս Յարութիւն Իյնէճեան գործ կը հիմնէ Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ: Քանի մը տարի ետք, ամուսնանալէ ետք հոն կը հաստատուի անոր քոյրը՝ Տիգրանուհի Թորոսեան (ծնեալ Իյնէճեան): Շուրջ 1910-ին անոնց հայրը՝ կեսարացի Յարութիւն Իյնէճեան կը փոխադրուի բնակելու Տիգրանուհիին հետ: Զինադադարէն ետք, Նեվրիկ Ալլահվերտեան (ծնեալ Իյնէճեան) իր ընտանիքին հետ բնակութիւն կը հաստատէ Պոլսոյ մէջ:

1900-ի շուրջ. Փերուզ Իյնէճեանի (ծնեալ Սիւզմէեան) քոյրը եւ անոր ընտանիքը (անունները նշուած չեն): Լուսանկարուած Նիքոլա Անտրիոմենոյի կողմէ, Քիոքչիլեր-Պաչի 99, Սուլթան-Պայազիտ, Պոլիս:

Երկրորդ սերունդը

Հաճի Յարութիւն Իյնէճեան (ծնեալ Կեսարիա, շուրջ 1825-ին, կը  մահանայ Պոլսոյ մէջ, 1915-ի շուրջ) մետաքսեայ դերձաններու առեւտուրով կը զբաղէր եւ եղած է Կեսարիոյ հայկական թաղամասին առաջնորդը:

Յարութիւն Իյնէճեան կ'ամուսնանայ գերդաստանի նահապետին զաւկին՝ Պետրոս Ուզուն Աշըգեանի դստեր Մարիամին հետ: Այս Իյնէճեան-Աշըգեան ամուսնութիւնը կը ստեղծէ Կեսարիոյ Աշըգեան տոհմի ճիւղերէն մէկը, որ կ'ընդգրկէր նաեւ Ալլահվերտեան/Ալլահվերտի, Այանեան, Պագալեան, Պալթայեան, Պոհճէլեան ընտանիքները եւ ուրիշներ:

Յարութիւնն ու Մարիամը կ'ունենան չորս դուստրեր, ապա՝ երեք որդիներ.

  • Կիւլտուտու (ծնեալ Իյնէճեան) Պոհճէլեան (ծնած Կեսարիոյ մէջ, 1860-ի շուրջ, մահացած Պուխարեսթի մէջ, 1957-ին)
  • Տիրուհի (ծնեալ Իյնէճեան) Աշըգեան (ծնած Կեսարիոյ մէջ, 1864-ի շուրջ, մահացած Պէյրութ, 11 Յունիս 1968-ին)
  • Տիգրանուհի (ծնեալ Իյնէճեան) Թորոսեան (ծնած Կեսարիոյ մէջ, մօտաւորապէս 1866-ին, մահացած է Պոլսոյ մէջ, 26 Դեկտեմբեր 1946-ին)
  • Նեվրիկ (ծնեալ Իյնէճեան) Ալլահվերտեան (ծնած է Կեսարոյ մէջ, մօտ 1868-ին, մահացած է Պոլսոյ մէջ,1967-ին)
  • Յովհաննէս Յարութիւն Իյնէճեան (ծնեալ Կեսարիա, մօտ 1870-ին, մահացած Ռումանիա, 1940-ի շուրջ)
  • Նազարէթ Յարութիւն Իյնէճեան (ծնեալ Կեսարիա, մօտ 1872-ին, մահացած Հալէպի մօտ, Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ)
  • Պետրոս Յարութիւն Իյնէճեան (ծնեալ Կեսարիա, 1874-ին- մահացած Լոզան, 1961-ին)

Երբ Մարիամին հօրեղբայրը կը վարակուի տիֆով, ան կ'երթայ անոր տունը՝ խնամելու համար զայն: Մինչ հօրեղբայրը կ'առողջանայ, ցաւօք, ան կը հիւանդանայ եւ կը մահանայ: Անոնց կրտսեր զաւակը՝ Պետրոս, երկու տարեկան էր, երբ անոր մայրը կը մահանայ: Յարութիւն իր փոքր երեխաները կը մեծցնէ մինչեւ անոնք հասուն մարդիկ դառնան: Ան ամուսիններ կը գտնէ իր դուստրերուն համար եւ որդիները կ'ուղարէ Քասթեմոնի/Քասթամոնու՝ իրենց ապագան կերտելու համար:

Աւելի ուշ իր կեանքին մէջ, Յարութիւն Իյնէճեան կարճ ժամանակներով կը բնակի իր իւրաքանչիւր դուստրին հետ, Անատոլիոյ տարբեր շրջանները: Ան այս ծախսերը կը հոգայ իրեն պատկանող եւ Կեսարիոյ մէջ գտնուող տան մը եւ խանութի մը վարձքերուն միջոցով: Տոհմին պատմաբանը՝ Կարապետ Աշըգեան կը նշէ, որ Յարութիւն Իյնէճեան բարի եւ սիրուած մարդ մըն էր: Ան կը մահանայ Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, 90 տարեկանին, եւ կը թաղուի Սկիւտարի մէջ (Պոլիս):

Երրորդ սերունդը

Կիւլտուտու (ծննեալ Իյնէճեան) Անդրէաս Պոհճէլեան (ծնած Կեսարիա, մօտ 1860-ին, մահացած Պուխարեսթ, 1957-ին)

Տիրուհի (ծնեալ Իյնէճեան) Բարսեղ Աշըգեան (ծնած Կեսարիա, 1864-ի շուրջ, մահացած Պէյրութ, 11 Յունիս 1968-ին)

Տիգրանուհի (ծնեալ Իյնէճեան) Կարապետ Թորոսեան (ծնած Կեսարիա, 1866-ի շուրջ, մահացած Պոլիս, 1946-ին) կը հաստատուի Պոլիս, երբ 1901-ին կ'ամուսնանայ Կարապետ Թորոսեանի հետ (ծնած Կեսարիոյ մէջ, մահացած Պոլսոյ մէջ, 1932-ին): Կարապետին վարպետները մեծահարուստ հայեր էին, որոնք բազմաթիւ կալուածներ եւ շէնքեր ունէին: Կարապետին գործն էր տիրութիւն ընել խանութներուն, արհեստանոցներուն, հաւաքել տան վարձքերը եւ զբաղիլ կալուածներու սպասարկումով:

Տիգրանուհին եւ Կարապետը ունէին տղայ մը եւ աղջիկ մը.

  • Մկրտիչ Թորոսեան (ծնած Պոլիս, 1 Մարտ 1905-ին, մահացած Ֆրանսա)
  • Թագուհի Թորոսեան (ծնած Պոլիս, 27 Մարտ 1911-ին, մահացած Պոլիս, 1980-ի շուրջ)

Նոյնիսկ հանգստեան կոչուելէ ետք, Կարապետ Թորոսեան կը շարունակէ օգնել վարձակալներուն, այնպէս, կարծէք ան երբէք չէր լքած իր աշխատանքը: «Ուզուն Աշըգեան Տոհմի Պատմութեան» մէջ, Աշըգեան կ'ըսէ, որ Կարապետ Թորոսեան յարգուած եւ բարի անձ մըն էր, եւ Տիգրանուհին ստեղծած էր շատ համաբարոյ ընտանիք մը, երջանիկ էր եւ ծայր աստիճան գոհ իր կեանքէն, հակառակ անոր որ զաւկին Ֆրանսա մեկնիլը ազդած էր իր վրայ: Կարապետ կը մահանայ 1932-ին, իսկ Տիգրանուհին՝ 1946-ին: Անոնք կը թաղուին Սկիւտարի Պաղլարպաշի հայկական գերեզմանատունը:

Նեվրիկ (ծնեալ Իյնէճեան) Դանիէլ Ալլահվերտեան (ծնած Կեսարիա, մօտ 1868-ին, մահացած Պոլիս, 1967-ին) չորս քոյրերուն վերջինն էր: Ան կ'ամուսնանայ Դանիէլ Ալլահվերտեանի հետ: Ալլահվերտեանները ծնած են Կեսարիա, բայց ան կը փոխադրուի Պանտերմա՝ առեւտրական աւելի մեծ առիթներ գտնելու յոյսով: 19-րդ դարուն եւ 20-րդ դարու սկիզբը, ներքին ամուսնութիւններ կ'ըլլային տոհմէն ներս: Դանիէլին երէց եղբայրը՝ Համբարձում Ալլահվերտեան կ'ամուսնանայ Կիւլտուտու (ծնեալ Այնէճեան) Պոհճէլեանի դստեր՝ Մաննիկ Պոհճէլեանի հետ: Նեվրիկին և Մաննիկին տարիքներու տարբերութիւնը շուրջ երեք տարի էր. մօրաքոյրն ու զարմուհին կը դառնան խնամիներ:

Ալլահվերտեան երկու եղբայրները՝ Համբարձումն ու Դանիէլը ունէին խանութ մը, որ ֆէսեր կը ձուլէր: Անոնք նաեւ կը զբաղէին ոչխարի մորթի եւ այլ կենդանիներու առեւտուրով: Անոնք տուներ կը կառուցէին Պանտերմայի մէջ, եւ մրգաստաններ ունէին: Անոնց գործարքներէն մէկը ագարակ մըն էր, որ բաւական գլխու ցաւ կը պատճառէ, երկար դատավարութիւններ եւ նիւթական վնաս: Ըստ Աշըգեան տոհմի պատմագրին, եղբայրները պարկեշտ եւ բարեպաշտ տղամարդիկ էին, սիրուած իրենց համայնքին կողմէ:

1896-ին, Աւետիս Պոհճէլեան (Մաննիքին եղբայրը) կ'ըլլայ առաջինը, որ կը հաստատուի Ռումանիոյ Քոնսթանցա քաղաքը: Համբարձում Ալլահվերտեան իր կնոջը՝ Մաննիկին հետ, կը հետեւի անոր:

Նեվրիկն ու Դանիէլը ունէին երկու աղջիկ եւ երկու տղայ.

  • Հռիփսիմէ (ծնեալ Ալլահվերտեան) Գարեգին Այանեան (ծնած Պանտերմա, մօտ 1883-ին, մահացած Նոքսվիլ, Թենեսի, 12 Յունուար 1984-ին)
  • Յարութիւն (Արթին) Դանիէլ Ալլահվերտեան (ծնած Պանտերմա, 1884-ի շուրջ, մահացած Երեւան, 1980-ին)
  • Նուարդ (ծնեալ Ալլահվերտեան) Կարապետ Պալթայեան (ծնած Պանտերմա, 1889-ի շուրջ, մահացած Պոլիս, 1965-ի շուրջ)
  • Գէորգ Դանիէլ Ալլահվերտեան/1923-էն ետք Ալլահվերտի (ծնած Պանտերմա, 1891-ին, մահացած Պոլիս, 8 Մայիս 1970-ին)

1913-ին, Դանիէլ Ալլահվերտեան իր ընտանիքը կը փոխադրէ Քոնսթանցա (Ռումանիա), որովհետեւ կը վախնար հաւանական պատերազմէ մը, իսկ եղբայրը՝ Համբարձումը հոն էր արդէն: Ան կը հեռանայ Պանտերմայէն իր կնոջը՝ Նեվրիկին հետ, ընկերակցութեամբ աղջկան՝ Նուարդին, որ այդ աշնան յետաձգած էր իր հարսանիքը, եւ իրենց որդիներուն՝ Յարութիւնի (Արթին) եւ Գէորգի: Շատ չանցած, անոնց երէց դուստրը՝ Հռիփսիմէ Այանեան (ծնած Պանտերմա, 1883-ի շուրջ, մահացած Նոքսվիլ, Թենեսի, 12 Յունուար 1984 ին), անոր ամուսինը՝ Գարեգին (ծնած Պանտերմա, մահացած Պոլիս, 1947-ին) եւ անոնց նորածին տղան՝ Կարապետը (ծնած Պանտերմա, 1914-ին, մահացած Ֆիլատելֆիա, 1991-ին) կը հետեւին անոնց:

Առաջին աշխարհամարտին՝ իր ծովային ուժերը ուղարկելով Սեւ ծովու ռուսական նաւահանգիստներուն դէմ, Թուրքիա պատերազմին կը մասնակցի, Դանիէլին ընտանիքը կը տեղափոխուի դէպի հիւսիս՝ Օտեսա, որ աւելի ապահով կը նկատուէր, եւ հոն կը մնայ մինչեւ պատերազմին աւարտը: 1918-ի զինադադարէն ետք, բոլորը կը վերադառնան Օսմանեան կայսրութիւն, բացի մէկ որդիէն՝ Յարութիւնէն (Արթին): Սակայն, անոնց կը միանայ նորածին մը՝ Հռիփսիմէին եւ Գարեգինին դուստրը՝ Հերմինէն (ծնած Օտեսա, 1918-ին):

Ալլահվերտեան ընտանիքը կը հաստատուի Պոլիս: Նուարդին հարսանիքը տեղի կ'ունենայ 1919-ին: Հռիփսիմէն եւ Գարեգինը իրենց զաւակները կը ձգեն մեծմօր՝ Նեվրիկին մօտ եւ կը մեկնին Լոզան՝ ուսումնասիրելու համար Զուիցերիոյ մէջ Գարեգինին գործ գտնելու կարելիութիւնը: Երբ ոչինչ կ'իրականանայ, անոնք կը վերադառնան Պոլիս, կը միանան իրենց զաւակներուն եւ անոնց հետ կը հաստատուին Ռումանիա: Քիչ ետք, Դանիէլ Ալլահվերտեան կը մահանայ: Գէորգը և անոր կինը՝ Գոհարը, տան մէջ լաւ հոգ կը տանին Նեվրիկին, հակառակ անոր, որ ան կորսնցուցած էր յիշողութիւնը՝ յառաջացած տարիքի եւ այլ բարդութիւններու առընթեր: Ան բախտը կ'ունենայ Պոլսոյ մէջ ականատես ըլլալու իր ծոռերուն՝ Անի և Սոնա Դանիէլ Ալլահվերտիի, ինչպէս նաեւ՝ իր Պագալեան ծոռերու ծնունդին, անոնց Պոլիս կատարած այցելութիւններուն ընթացքին:

1913-ի շուրջ. Քասթամոնու: Ձախէն՝ Նուպար Իյնէճեան, Ովսաննա Իյնէճեան (հետագային Աշըգեան): Լուսանկարը՝ Մ.Կ. Նաթուրեանի եւ Թ.Ք. Տիլտիլեանի, Սվազ։

Յովհաննէս Յարութիւն Իյնէճեան (ծնած Կեսարիա, մօտ 1872-ին, մահացած Ռումանիա, մօտ 1940-ին) կը մեկնի Քասթամոնու՝ անձնական գործ հիմնելու, եւ կը յաջողի: Տեղացիները, թէ՛ վաճառականները եւ թէ իշխանութիւնները, կը յարգէին Յովհաննէսը: Ան կը սկսի հիւսուածեղէն վաճառելով, եւ վերջիվերջոյ անոր խանութը կը վերածուի ժամանակակից մեծ հանրային վաճառատան, ինչպէս էր պարագան Պոլսոյ Օրոզտի-Պաքին: Ան հագուստեղէն ու տնային իրեր կը վաճառէր, ինչպէս՝ ճենապակի, ապակեղէն, խոհանոցի սպասներ եւ գորգեր:

Յովհաննէս կ'ամուսնանայ Ասանեթ (ծնեալ Սիւզմէեան) Իյնէճեանին հետ (ծնած Պոլիս 1887-ի շուրջ, մահացած Ռումանիա, 1940-ի շուրջ): Անոր հայրը անդամ էր Պոլսոյ հայոց դատաստանական խորհուրդին: Անոնք կ'ունենան վեց զաւակներ ըստ հետագայ ծննդեան շարքին.

• Յարութիւն Յովհաննէս Իյնէճեան (ծնած Քասթամոնու, շուրջ 1903-ին, մահացած Քոնսթանցա)
• Մարի (ծնեալ Իյնէճան) Սիւզմէեան (ծնած Քասթամոնու, մօտ 1904-ին, մահացած Լոս Անճելըս)
• Վահրամ Յովհաննէս Իյնէճեան (ծնած Քասթամոնու, մօտ 1906-ին, մահացած Լոս Անճելըս, 1982-ին)
• Հայկ Յովհաննէս Իյնէճեան (ծնած Քասթամոնու, մօտ 1908-ին, մահացած Պուխարեսթ)
• Ովսաննա (ծնեալ Իյնէճեան) Աշեգեան (ծնած Քասթամոնու, 1907-ին, մահացած Լոս Անճելըս, 2002-ին)
• Նուպար Յովհաննէս Իյնէճեան (ծնած Քասթամոնու, մօտ 1910-ին, մահացած Պուխարեսթ)

Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ կը խնայուի միայն երէց որդին Յարութիւնը, որովհետեւ ան Պոլիս կը գտնուէր: Յովհաննէսը եւ որդին՝ Վահրամը կ'աքսորուին Հալէպ: Ասանեթը՝ Մարիին, Հայկին, Ովսաննային եւ Նուպարին հետ կ'աքսորուի մօտակայ գիւղ մը: 1918-ի զինադադարէն յետոյ, Յովհաննէս Իյնէճեանի ընտանիքը ի վերջոյ կը վերամիանայ Պոլսոյ մէջ, որովհետեւ անոր հայրը՝ Հաճի Յարութիւնը արդէն հոն կը գտնուէր:

Ցեղասպանութեան ընթացքին, Յովհաննէս եւ զաւակը՝ Վահրամ, Հալէպ էին եւ կը փրկուին: Դէպի Պոլիս վերադարձի ճամբուն վրայ, անոնք կ'երթան Ատանա՝ այցելելու իր քրոջը՝ Տիրուհի (ծնեալ Իյնէճեան) Աշըգեանին: Յովհաննէս կը շարունակէ իր աշխատանքը մայրաքաղաքին մէջ: Ան պարբերաբար Քասթամոնու կ'երթայ թուրքերուն իրեն ունեցած պարտքերուն մէկ մասը գանձելու համար: Երբ Յովհաննէսին երէց որդին՝ Յարութիւնը վաճառատուն մը կը բանայ Քոնսթանցայի մէջ (Ռումանիա), ընտանիքը կը միանայ անոր:

Յովհաննէսին եւ Ասանեթին դուստրը՝ Մարին, Առաջին համաշխարհային պատերազմէն առաջ նշանուած էր Քասթամոնուցի Հայկազուն Սիւզմէեանին հետ: Հարս ու փեսայ կը հաստատուին Ռումանիա, մօտ 1923-ին, երբ Մուսթաֆա Քեմալ (Աթաթուրք) կը հիմնէ Թրքական Հանրապետութիւնը (Մարի (ծնեալ Իյնէճեան) Սիւզմէեանին մասին տե՛ս Գ Հրապարակում [մօտ օրէն]): Անոր քոյրը՝ Ովսաննան, կ'ամուսնանայ Յակոբ Բարսեղ Աշըգեանին հետ, Պուխարեսթի մէջ (Ովսաննա (ծնեալ Ինէճեան) Աշըգեանի մասին տե՛ս Գ Հրապարակում [մօտ օրէն]): Տոհմէն ներս այսպիսի ամուսնութիւններուն մեծամասնութեան նման, անոնք ալ ազգական էին. Հայկազուն Սիւզմէեանը Ասանեթ (ծնեալ Սիւզմէեան) Իյնէճեանի եղբօրորդին էր, իսկ Յակոբին մայրը՝ Տիրուհի (ծնեալ Իյնէճեան) Աշըգեանն էր:

Յովհաննէս Իյնէճեանի տղաքը՝ Յարութիւն, Հայկ եւ Նուպար, ամուսնացած չէին: Յարութիւնը կը մահանայ Քոնսթանցա, իսկ Հայկը եւ Նուպարը կը մահանան Պուխարեսթ. անոնք թաղուած են հայկական գերեզմանատուներու մէջ: Անոնց մայրը՝ Ասանեթ (ծնեալ Սիւզմէեան) Իյնէճեանը կը դառնայ վշտահար, գրեթէ կոյր, եւ ի վերջոյ կը մահանայ Պուխարեսթի մէջ: Անոր ամուսինը՝ Յովհաննէսը նոյնպէս կը մահանայ Ռումանիա:

Վահրամ Յովհաննէս Իյնէճեան կ'ապրի եղբայրներէն աւելի: Ան Պուխարեսթի մէջ նպարեղէնի մեծ վաճառատուն մը ունէր իր խնամիին՝ Յակոբ Աշըգեանի հետ մինչեւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը: Պատերազմին ընթացքին, գոյատեւելու համար, այս մարդիկը կը գնեն կազմած մը եւ կը սկսին տան մէջ պաշարներ արտադրել: 1959-ին, Վահրամ քրոջ ընտանիքին հետ կը հեռանայ Ռումանիայէն: Անոնք նախ կը մեկնին Պէյրութ՝ Միացեալ Նահանգներու վիզա ձեռք բերելու համար, եւ 1961-ին կը հաստատուին Լոս Անճելըս (Վահրամ Իյնէճեանի եւ Յակոբ ու Ովսաննա (ծնեալ Իյնէճեան) Աշըգեանի մասին, տե՛ս Գ Հրապարակում [մօտ օրէն]):

Նազարէթ Յարութիւն Իյնէճեան (ծնած Կեսարիա, մօտ 1873-ին, մահացած Հալէպի մօտերը Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ) կը հետեւի եղբօրը եւ Քասթամոնուի մէջ հիւսուածեղէն ծախելով կ'աշխատի անոր հետ: Ապա Նազարէթ ագարակ մը կը գնէ Քասթամոնուէն քանի մը ժամ հեռու գտնուող Թաշքէօփրիւ քաղաքին մէջ. ան չէր ամուսնացած: Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ, ան կ'աքսորուի: Ան Հալէպ կը հասնի ողջ, բայց պարապ գրպանով: Օգնութեան խնդրանքով նամակ մը կը ղրկէ իր հարազատներուն՝ Ատանայի Աշըգեաններուն, որովհետեւ կ'ուզէր Նուսայպին երթալ (Մարտինի մօտերը):

Աշըգեաններն ու Պագալեանները տեղահանութենէն զերծ կը մնան որովհետեւ Ատանայի մէջ ունէին ջաղացք մը, որ ալիւր կ'արտադրէր Օսմանեան կայսրութեան բանակին համար: Կարապետ Աշըգեան իր գիրքին մէջ կը գրէ, որ գումարը ղրկած է Հալէպ, բայց ցաւօք, դրամն ու նամակը ետ եկած են իրեն: Ծրարը փոխադրողը պահարանին վրայ գրած էր. «Հասցէին տէրը Ալ Խապուր գետ մեկնած է»: Ցեղասպանութեան ժամանակ, Ալ Խապուր երթալ համազօր էր սպաննուելու:

Պետրոս Յարութիւն Իյնէճեան (ծնած Կեսարիա, 1874-ին, մահացած Լոզան, 1961-ին) երկու տարեկան էր, երբ մայրը կը մահանայ. իր եւ քոյրերուն հոգատարութիւնը կը ստանձնէ հայրը: Պետրոս իր կրթութիւնը կը ստանայ Կեսարիոյ մէջ. ան թրքերէն կը խօսէր եւ հայատառ թրքերէն կը գրէր: Պետրոսին ծնողները եւ անոր երէց քոյրերը՝ Կիւլտուտուն եւ Տիրուհին, միայն թրքերէն կը խօսէին (եւ այդ կիները անգրագէտ էին):

Երիտասարդ ժամանակ, Քասթամոնուի մէջ, Պետրոս կ'աշկերտէ եղբօրը՝ Յովհաննէսին՝ վաճառականի հմտութիւնները սորվելու համար: Պաշտօնավարելէ ետք եղբօրը վաճառատան մէջ, ան կը վերադառնայ Պոլիս, 1895-ի շուրջ, երբ 21 տարեկան էր: Հոն ան կը զբաղի երկու շահութաբեր գործերով. նախ կը սկսի տեղական մակարդակով հիւսուածեղէն վաճառել, ապա՝ ապրանք ուղարկել Քասթամոնու՝ իր եղբօր հաստատութեան: Հետագային, ան կ'ըլլայ նաեւ առաջին հայ գործարարներէն մէկը, որ պղինձով կը զբաղի: Ան պղնձեայ չմշակուած թերթեր կ'առաքէ Պանտերմա եւ Կեսարիա: Վերջիվերջոյ, Պետրոս սեփականատէր կը դառնայ մեծ վաճառատան մը, ուր յաճախորդներ կրնային առտնին կարիքներէն մինչեւ հագուստեղէն գտնել:

1906-ին Պետրոս կ'ամուսնանայ Պոլսոյ մէջ, Փերուզ (ծնեալ Սիւզմէեան) Իյնէճեանի հետ (ծնած Քասթամոնու, 21 Օգոստոսի 1888-ին, մահացած 1971-ին, Լոզան), որուն արմատները Կեսարիայէն էին: Ինչպէս սովոր էր այս ընտանիքներուն մէջ, Կեսարիոյ Աշըգեաններն ու Իյնէճեանները իրարու հետ կ'ամուսնանային թէ՛ իրենց հօրենական եւ թէ մօրենական կողմերով: Պետրոս կ'ամուսնանայ քենիին զարմուհիին՝ Ասանեթ (ծնեալ Սիւզմէեան) Յովհաննէս Իյնէճեանին հետ: Նաեւ, Պետրոսին եղբօր աղջիկը՝ Մարի Յովհաննէս Իյնէճեան կ'ամուսնանայ Փերուզին եղբօր Հայկազուն Համբարձում Սիւզմէեանին հետ: Ասանեթին հայրը՝ Յարութիւն Սիւզմէեանը, փաստաբան էր եւ կ'աշխատէր Օսմանեան դատարանին մէջ:

Փերուզ իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Քասթամոնուի մէջ: Երբ անոր ընտանիքը Պոլիս կը փոխադրուի 1900-ի շուրջ, ան կը յաճախէ Էսայեան վարժարանը, իսկ յետոյ ֆրանսերէն կը սորվի Նոթրը Տամ տէօ Սիոնի մէջ: Ան նաեւ թրքերէն կը խօսէր, որովհետեւ անիկա վարչակարգին պաշտօնական լեզուն էր: Ունէր ութ եղբայրներ եւ քոյրեր. ան կրտսերագոյններէն մէկն էր:

Պետրոսը եւ Փերուզը կ'ապրէին Քատըքէօյ՝ բազմազգեան թաղամաս մը Պոլսոյ ասիական կողմը, որ կը նայէր Վոսփորին եւ եւրոպական կողմի պատմական քաղաքամէջին:
Զոյգը ունէր աղջիկ մը եւ տղայ մը.

  • Մարիամ Պետրոս Իյնէճեան, փոխուած Մարիի Զուիցերիոյ մէջ, (ծնած Պոլիս, 24 Նոյեմբեր 1907-ին, մահացած Լոզանի մէջ, 1953-ին)
  • Արամ Պետրոս Իյնէճեան (ծնած Պոլիս, 14 Հոկտեմբեր 1910-ին, մահացած Լոզանի մէջ, Օգոստոս 1973-ին)
1909, Պոլիս. Մարիամ Իյնէճեան
Արամ Իյնէճեանի եւ Մարիամ Իյնէճեանի լուսանկարը՝ նախքան անոնց Պոլիսէն մեկնումը Լոզան՝ 1915-ի վերջաւորութեան
1910-ի շուրջ. Մարիամ (վերածուած Մարիի Զուիցերիոյ մէջ), Պետրոս եւ Փերուզ Իյնէճաններու դուստրը: Լուսանկարուած Թ. Սերվանիսի մօտ, Քատըքէօյ, Պոլիս

1913-ին, Փերուզ կը սկսի հազալ, փռնգտալ, կրծքավանդակի ցաւեր ունենալ եւ յոգնածութիւն զգալ: Ան կը դիմէ իր բժիշկին, որ կը հաստատէ, թէ ունեցածը թոքախտ է: Թոքախտը՝ սիֆիլիսի և մալարիայի կողքին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ ամէնէն աւելի տարածուած վարակիչ հիւանդութիւններն էին: Այդ ժամանակ իբրեւ բուժում կ'առաջարկուէր հիւանդները պահել յատուկ առողջարաններու մէջ: 19-րդ դարու վերջաւորութեան, Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցին մէջ ստեղծուած էր թոքախտի առողջարան մը, սակայն, Պետրոս կ'որոշէ կինը Եւրոպա տանիլ: Զոյգը ունէր երկու փոքր զաւակ, աղջիկը՝ վեց, իսկ տղան երեք տարեկան: Ան զանոնք կը ձգէ իր քոյրերուն՝ Նեվրիկ (ծնեալ Իյնէճեան) Ալլահվերտեանին եւ Տիգրանուհի (ծնեալ Իյնէճեան) Թորոսեանին մօտ: Ան նաեւ իր գործը կը ձգէ իր եղբօրորդուն՝ Յարութիւն Յովհաննէս Իյնէճեանին եւ իր վստահելի պաշտօնեաներուն:

Դէպի Մարսէյ իրենց նաւուն վրայ, Պետրոս կը հանդիպի ճամբորդի մը, որ կը յայտնէ իրեն, թէ Զուիցերիան լաւագոյն բժիշկները ունի թոքախտը դարմանելու համար, իսկ անոնց առողջարանները կը գտնուին բարձր լեռներու վրայ: Պետրոս եւ Փերուզ շոգեկառքով կը ճամբորդեն մինչեւ Լէսին (Վոյի քանթոն - Էկլի շրջան): Տոքթ. Օկիւսթ Ռոլիէ հռչակաւոր էր իբրեւ թոքախտ դարմանող բժիշկ Լէսինի Կրան Հոթէլին մէջ, եւ զայն «Արեւու բժիշկ» կ'անուանէին: Պետրոս հոն կը ձգէ իր կինը եւ կը վերադառնայ Պոլիս: Ան յաճախակի այցելութիւններ կու տայ՝ հետեւելու իր կնոջ բարելաւումին, եւ նամակագրական կապի մէջ կը մնայ անոր հետ` հայատառ թրքերէն բացիկներ փոխանակելով: 1915-ի սկզբնաւորութեան, Փերուզ տակաւին Լէսինի Կրան Հոթէլը կը գտնուէր, մինչ Պետրոսը, Մարիամն ու Արամը՝ Լոզան: Պետրոս կը շարունակէր բացիկներ փոխանակել կնոջը հետ:

1914-ի վերջաւորութեան կամ 1915-ի սկզիբին, քաղաքական և տնտեսական իրավիճակը կը դառնար ծանր: Առաջին համաշխարհային պատերազմը կը սրէր, իսկ 1915-ին կը սկսէր Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ի վերջոյ, Իյնէճեանները բնակութիւն կը հաստատեն Լոզանի հիւսիսը գտնուող Շալէ-ա-Կոպէ աւանը, Քլինիք լա Ֆորէ անունով շէնքի մը մէջ: Առաջին տարին, Զուիցերոյ մէջ կեանքը ծանր էր Իյնէճեաններուն համար, եւ անոնք գրեթէ սնանկ էին: Իր նիւթական վիճակը սահմանափակ ըլլալով, քոյրերուն զաւակները իրեն փոքր գումարներ կ'ուղարկէին Ատանայէն եւ Քոսթանցայէն: Անոնք նաեւ կը շարունակեն գոյատեւել Փերուզին ոսկեղէններով եւ թանկարժէք քարերով, որոնք ան իր հետ բերած էր հիմնականօրէն իր օժիտէն: Մինչ Առաջին աշխարհամարտը կը շարունակէր իր աւերները, անդին չորս հոգինոց ընտանիքը կարիքը ունէր ապաստանի, սնունդի եւ կրթութեան: Պատուելի Ակենոր Քրաֆթ կ'ըլլայ անոնց առաջին բարեկամներէն մէկը Լոզանի մէջ. ան կը սիրէր հայերը եւ կը խրախուսէր որ անոնք դիմանան: Աւելին, Պետրոսին աները՝ Համբարձում Սիւզմէեան Պոլսէն իրեն կ'ուղարկէ տան գորգերը: Պետրոս զանոնք կը վաճառէ Լոզանի փողոցներուն վրայ:

Պետրոս մէկ անգամ ալ կ'երթայ Պոլիս, հաւանաբար 1918-ի զինադադարէն յետոյ: Ան կը հաւաքէ ինչ որ կարելի էր փրկել իր տան ապրանքներէն եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ուեցած իր գործերէն, եւ բեռը կ'ուղարկէ Շալէ-ա-Կոպէի իր դրացիներէն մէկուն հասցէին: Տարի մը ետք, նամակատան փոխադրակառքը հսկայ ծրար մը կը յանձնէ հասցէին: Պետրոս եւ Փերուզ հաւանաբար շատ կ'ուրախանան, որ իրենց Քատըքէօյի տունը՝ իրենց նստասենեակն ու ճաշասենեակը, գորգերը, մահճակալները, ծաղկամանները, ինչպէս նաեւ Փերուզին պատկերատետրերը՝ նկարներով լեցուն, կը գտնուին Լոզան: Անոնք նաեւ երախտապարտ էին, որ այժմ միջոցները ունին ընտանիքը կերակրելու եւ երեխաները դպրոց ուղարկելու համար: Պետրոս կահոյքն ու գորգերը կը վաճառէ Լոզանի փողոցներուն վրայ: Ապա վաճառատուն մը կը բանայ Լոզանի Փըթի-Շէն փողոցին վրայ, մինչ Փերուզ կը ստանձնէ ընտանիքին նիւթական գործառնութեանց հաշուապահութիւնը:

Պետրոս հաւանօրէն շատ արագ ֆրանսերէն սորված է Զուիցերիոյ մէջ: Իյնէճեանները թրքերէն կը խօսէին Զուիցերիոյ մէջ, ներառեալ անոնց դուստրը՝ Մարին եւ տղան՝ Արամը: 1920-ական թուականներուն, Պետրոս կը սկսի արեւելեան գորգեր գնել Փարիզէն եւ Լոնտոնէն, մասնաւորաբար Լոնտոնի գորգերու փոխանակման մթերանոցէն, որ կը գտնուէր Սըրքլ Լայն մեթրոյի կայարանին վրայ: Պետրոս հայ վահառող մը կը գտնէ Թուրքիոյ մէջ, եւ ուրիշ մը՝ Իրաքի մէջ, որովհետեւ ան ծանօթ էր անոնց մշակոյթին եւ լեզուին: 1922-ին, ան կարիքը կը զգայ աւելի մեծ տարածութեան, ուստի իր վաճառատունը կը փոխադրէ Լոզանի Կրան Փոն շրջանը: Փիեռ Իյնէճեան իր գիրքին մէջ կը նշէ, որ իր մեծհայրը փայլուն վաճառական էր.

Ան գիտէր ինչպէս գործ դարձնել, գիտէր ծախել եւ գիտէր շահ ապահովել: Շատ յաճախ ան գորգերը կը փռէր փողոցը յաճախորդներուն ուշադրութիւնը գրաւելու համար, եւ երբ անոնք ներս մտնէին, անոնց թէյ կը հրամցնէր եւ ինքնավաստահօրէն ցոյց կու տար իր գորգերը՝ զանոնք փռելով իր հաւանական յաճախորդներուն ոտքերուն առջեւ: Եւ եթէ գորգերէն մէկը չըլլար իրենց ուզածը, ան ցոյց կու տար ուրիշ մը եւ ուրիշ մը:

Կեսարացի հայերը կծծի ըլլալու համբաւ ունին, բայց իրականութեան մէջ, անոնք խնայող էին: Պետրոս իր զաւակներուն եւ թոռներուն կը սովորեցնէր, որ ինք «հարստացած էր իր դրամին հետ թէ՛ զգոյշ եւ թէ առատաձեռն ըլլալով»:

Պետրոսին եւ Փերուզին աղջիկը՝ Մարի Իյնէճեանը (մահացած 1953-ին) երաժիշտ էր: Անոնց տղան՝ Արամ Իյնէճեանը իր զուիցերիական երկրորդական վարժարանի վկայականը կը ստանար Ֆրիպուրկի Վիլլա-Սէն-Ժան անձնական դպրոցէն, բայց ամբողջ մանկութեան ընթացքին, ան գործին գաղտնիքները կը սորվէր հօրմէն՝ անոր օգնելով վաճառատան մէջ, ինչպէս նաեւ՝ գորգեր մաքրելով եւ նորոգելով:

Արամ գորգի առեւտուրին կը միանայ 1928-ին: Ան խանութներ կը բանայ Ժընեւի, Պազըլի, Պեռնի եւ երկրորդ մը Լոզանի մէջ՝ աւելի լաւ սպասարկելու համար իրենց յաճախորդները: Յետոյ Արամ կը լսէ, որ շէնք մը ծախու է. անիկա վեց յարկանի էր, գետնայարկին վրայ ունէր խանութներ, իսկ ներքնայարկին՝ ինքնաշարժներու կառատուն մը: 1937-ին անոնք կը գնեն Լոզանի կեդրոնը գտնուող «7 Ռիւ տէօ Պուր» շէնքը: ԻՅՆԷՃԵԱՆ անունը մինչեւ այսօր կը մնայ շէնքին վրայ: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, անոնք կը վաճառեն խանութները, բացի Լոզանի եւ Պեռնի առաջին խանութներէն:

Պետրոսին երիցագոյն թոռը՝ Փիեռը կ'աշկերտէ գորգերու ընտանեկան խանութին մէջ, եւ տարի մը ամբողջ 1960-ին, Իյնէճեան երեք սերունդ միաժամանակ կ'աշխատի նոյն խանութին մէջ, մինչեւ Պետրոսին մահը, 1961-ին:

Երբ Իյնէճեան ընտանիքը Զուիցերիա կը հաստատուի Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, օրէնքները չէին արտօներ գաղթականներուն հպատակութիւն ստանալ: Պետրոսը, Փերուզը, Մարիամը/Մարին եւ Արամը ունէին «PASSPORT POUR ÉTRANGERS /Le titutaire du passport ne possède pas la nationalité suisse» [Օտարներու յատուկ անցագիր/անցնագիրը կրողը չունի զուիցերիական հպատակութիւն]: Սակայն, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, օրէնքը կը փոխուի անոնց համար, որոնք ամուսնացած էին զուիցերիացիի մը հետ, եւ որովհետեւ Արամ ամուսնացած էր զուիցերիացի Ժորժէթ Ապրեզոլի հետ, 1950-ին ան կը դառնայ Զուիցերիայի քաղաքացի: Այսուհանդերձ, անոր ծնողները եւ Մարին երբեք հպատակութիւն չեն ստացած:

Իբրեւ կեսարացի Աշըգեան տոհմի անդամներ՝ Պետրոս եւ Փերուզ նամակներ կը փոխանակէին իրենց հարազատներուն հետ եւ զանոնք կը հիւրընկալէին Լոզանի մէջ:

Այցելուներէն մէկն էր Հռիփսիմէ (ծնեալ Ալլահվերտեան) Այանեանը եւ ամուսինը՝ Գարեգինը: Ան Պետրոսին քրոջը՝ Նեվրիկին դուստրն էր: Զոյգը իրենց երեխաները՝ Կարապետը (ծնած Պանտերմա, 1914-ին) եւ Հերմինէն (ծնած Օտեսա, 1918-ին) կը ձգեն իրենց մեծմօր մօտ: Լոզանի մէջ, անոնք կ'ուսումնասիրեն հոն հաստատուելու կարելիութիւնները: Այսուհանդերձ, անոնք կը վերադառնան Պոլիս, կը միանան իրենց երեխաներուն, եւ ապա կը հաստատուին Ռումանիոյ Քոնսթանցա քաղաքը:

Հիւրերու շարքին էր նաեւ Հայկազուն Սիւզմէեանը, որ Փերուզին զարմիկն էր: Ան եկած էր իր կրտսեր եղբօրը՝ Լեւոն Սիւզմէեանին հետ, որ բժշկական դարմանումի կարիքը ունէր: Եղբօրը առողջութեան բարելաւումը սպասած միջոցին, Հայկազուն կը բանայ գորգերու վաճառատուն մը: Գործերը լաւ կ'ընթանան, սակայն Լեւոն կը մահանայ Զուիցերիոյ մէջ:

Պետրոսի մահէն ետք, Փերուզ Իյնէճեան կը մեկնի Պէյրութ՝ իր հարազատները տեսնելու համար: Ան կը մնայ Միջերկրական ծովուն վրայ հռչակաւոր Սէն Ժորժ պանդոկը: Քանի մը շաբաթ, Սոնա Պագալեանը եւ Լիզպէթ Պագալեանը կը զբաղին իրմով: 1965-ի ամռան, Սոնա Պագալեանը եւ դուստրը շաբաթավերջ մը կը հիւրընկալուին Փերուզ Իյնէճեանին կողմէ, Կսթաատ Փալաս պանդոկին մէջ:

Չորրորդ սերունդը

Տիգրանուհի (ծնեալ Իյնէճեան) Թորոսեանի շառաւիղները

Մկրտիչ Կարապետ Թորոսեան (ծնած Պոլիս, 14 Մարտ 1905-ին, մահացած Ֆրանսա) կը յաճախէ թաղամասին տղոց եւ աղջկանց Ներսէսեան-Երմոնեան հայկական վարժարանը, եւ կարճ ժամանակով կ'աշխատի իր զարմիկին՝ Գէորգ Ալլահվերտեան/Ալլահվերտիին մօտ: Երբ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք կը հիմնէ թրքական Հանրապետութիւնը եւ նախագահ կը դառնայ 1923-ին, բազմաթիւ երիտասարդ հայերու նման, Մկրտիչ Ֆրանսա կը գաղթէ:

Մկրտիչ կը հաստատուի Փարիզէն շուրջ 80 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող քաղաք մը. հոն կը գնէ տուն մը եւ կօշկակարի խանութ մը, եւ կ'ամուսնանայ ֆրանսացի կնոջ մը հետ: Ան կը կարօտնար իր քոյրը եւ կ'ուզէր Պոլիս այցելել, բայց կը տառապէր յօդացաւէ:

Նկատի առնելով որ Մկրտիչ զաւակ չունէր, ան իր ունեցուածքը կը ձգէ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ): Ամէն տարի, ՀԲԸՄ անոր յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն կը խնդրէ Փարիզի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ (15 Ժան Կուժոն փողոց, 8-րդ վարչական շրջան, կառուցուած 1904-ին):

Թագուհի Կարապետ Թորոսեան (ծնած Պոլիս, 27 Մարտ 1911-ին, մահացած Պոլիս, 1980-ի շուրջ) կը յաճախէ տղոց եւ աղջկանց Ներսէսեան-Երմոնեան հայկական նախակրթարանը: Ան կ'աւարտէ Նոթրը Տամ տէօ Սիոն լիսէն (հռչակաւոր դպրոց մը, զոր հիմնած են ֆրանսացի մայրապետներ Պոլսոյ մէջ, 1856-ին): Ան ծնողներէն կը ժառանգէ փոքր տուն մը, ապա կը ծախէ զայն ու աւելի յարմարաւէտ տուն մը կը գնէ Սկիւտարի մէջ, եւ ինքն իր ծախսերը կը հոգայ ֆրանսերէնի յատուկ դասեր տալով:

Չորրորդ սերունդը

Նեվրիկ (ծնեալ Իյնէճեան) Դանիէլ Ալլահվերտեանի շառաւիղները

Հռիփսիմէ (ծնեալ Ալլահվերտեան) Այանեան (ծնած Պանտերմա, մօտ 1883-ին, մահացած Նոքսվիլ, Թենեսի, 12 Յունուարի1984-ին)

Յարութիւն (Արթին) Դանիէլ Ալլահվերտեան (ծնած Պանտերմա, 1884-ին, մահացած Երեւան, մօտ 1975-ին)

Նուարդ (ծնեալ Ալլահվերտեան) Պալթայեան (ծնած Պանտերմա, մօտ 1889-ին, մահացած Պոլիս, մօտ 1965-ին) կրթութիւնը կը ստանայ հայկական դպրոցներու մէջ: 1913-ին, ան կ'այցելէ իր մօրաքրոջը՝ Տիրուհի (ծնեալ Իյնէճեան) Աշըգեանին: Ան Մերսինի մէջ նշանուած էր կեսարացի Կարապետ Մ. Պալթայեանին հետ, որ Օսմանեան դրամատան մէջ տնօրէնի պաշտօն ունէր: Զոյգը կը ծրագրէր ամուսնանալ աշնան, սակայն, Ալլահվերտեան ընտանիքը կը փախչի Ռումանիա՝ նախքան Օսմանեան կայսրութեան Առաջին համաշխարհային պատերազմ մուտքը: Անոնք Պոլիս կը վերադառնան զինադադարէն յետոյ (1918): Կարապետ Պալթայեան կու գայ Քոնիայէն՝ միանալու իր նշանածին՝ Նուարդին:

Նուարդ եւ Կարապետ Պալթայեանները կ'ամուսնանան 1919-ին եւ մինչեւ իրենց մահը կ'ապրին Պոլսոյ մէջ: Կարապետ Պալթայեան նախ կ'աշխատի Deutsche Orient դրամատան մէջ, ապա՝ իր աներձագին՝ Գէորգ Ալլահվերտիի մօտ:

Զոյգը կ'ունենայ մէկ զաւակ՝

  • Արա Կարապետ Պալթայեան (ծնած Պոլիս, 6 Սեպտեմբեր, 1920-ին, մահացած Նիւ Հէյվըն, Քոնէքթիքըթ, 7 Օգոստոս 2015-ին)

Պոլսոյ մէջ իր ուսումը աւարտելէ ետք, Արա կը գաղթէ Միացեալ Նահանգներ, 1940-ականներու վերջաւորութեան: Ան կ'աշխատի իբրեւ երկրաչափ, ընտանիք կը կազմէ Քոնէքթիքըթ նահանգի Նիւ Հէյվըն քաղաքին մէջ, եւ երբէք Թուրքիա չի վերադառնար:

Կարապետ Պալթայեան կը տառապէր յօդացաւէ, եւ հետագային՝ ստամոքսի խոցերէ: Ան կը մահանայ 1960-ականներու սկզիբը՝ վիրաբուժական գործողութեան սեղանին վրայ: Նուարդը արդէն նրբազգաց կին մըն էր, եւ այն փաստը, որ իր միակ որդին ու անոր ընտանիքը չէին այցելեր իրեն, կը գրգռէր անոր մելամաղձութիւնն ու առանձնութեան զգացումը: Ան կը մահանայ ամուսինէն քանի մը տարի ետք:

Գէորգ Դանիէլ Ալլահվերտեան/Ալլահվերտի 1923-էն ետք, (ծնած Պանտերմա, 1891-ին, մահացած Պոլիս, 8 Մայիս 1970-ին) Առաջին համաշխարհային պատերազմէն առաջ կ'ուղարկուի իր մօրեղբօր՝ Յովհաննէս Յարութիւն Իյնէճեանի մօտ, Քասթամոնու՝ առեւտրական հմտութիւններ սորվելու համար:

Դանիէլ եւ Նեվրիկ Ալլահվերտեաններն ու անոնց ընտանիքը կը տեղափոխուին Քոնսթանցա (Ռումանիա)՝ նախատեսելի պատերազմին պատճառով: Երբ 1914 Հոկտեմբերին, Օսմանեան կայսրութիւնը կը միանայ Առաջին համաշխարհային պատերազմին, անոր ընտանիքը կը մեկնի հիւսիս՝ Օտեսա, որովհետեւ հոն աւելի ապահով էր: Գէորգ Ալլահվերտեան կը դառնայ շրջուն վաճառական՝ իր ընտանիքին ծախսերը հոգալու համար: Ան նաեւ ապրանքներ կը գնէ զանոնք Խրիմի թերակղզիին վրայ ծախելու համար: Մինչեւ 1920, ան այս գործը կը նկատէ շահաբեր: Մինչ այդ՝ ռուսերէն կը սորվի:

Իր գիրքին մէջ, Կարապետ Աշըգեան կը նշէ, որ Գէորգ Ալլահվերտեան կը փրկուի թուրք-պուլկարական ուժերու Տոպրուճա ներխուժումէն, եւ ծնողներուն կը միանայ Օտեսայի մէջ:

1918-ի զինադադարէն ետք, Գէորգ կը վերադառնայ Պոլիս եւ իր ծնողներուն համար բնակարան մը կը գտնէ ու նպարեղէնի խանութ կը բանայ Թոփհանէի մէջ, ապա կը փոխադրուի Քումքափուի Պալըխ Պազարը (Ձուկի շուկան): 1958-ին, ան կը փոխէ իր հասցէն՝ Ունքափանի, Եանուզ Սինան Ճամի (Մզկիթ փողոց) փողոց, թիւ 4-ը կը փոխէ Հայտար Փաշա Չեշմեսի մօտ (շատրուան) (այժմ՝ Ֆաթիհ):

Երբ 1923-էն սկսեալ Աթաթուրք կը սկսի բազմաթիւ օրէնքներ փոխել, Գէորգ Ալլահվերտեանը կը վերածուի Ալլահվերտիի: Այս փոփոխութիւններէն ետք, Գէորգ Ալլահվերտի կը զրկուի Քասթամոնուի մէջ գտնուող իր հօր ունեցուածքը պահանջելու իրաւունքէն, հակառակ անոր, որ ան թրքական Հանրապետութեան քաղաքացին էր:

Գոհար (ծնեալ Քէլճեան) Ալլահվերտեան/Ալլահվերտի (ծնած Պոլիս, 1893-ին, մահացած Պոլիս, 8 Յուլիս 1997-ին) 1920-ին կ'ամուսնանայ Գէորգ Ալլահվերտեանի հետ:

Քէլճեանները Կէսարիայէն էին. անոնք երեք քոյր եւ մէկ եղբայր էին: 1902-ին, Կարապետ Կալամանեան իր քրոջ աղջիկներն ու տղան կը տանի լուսանկարուելու հետեւեալ հասցէին մօտ՝ Photographie G. Glikeas, Phener [(Fener) Sokak Apti Sou-Bachu No. 15]:

1902, Պոլիս: Կարապետ Քալամանեան (կեդրոնը) իր քրոջ զաւակներուն հետ: Ձախէն՝ Սարգիս Քէլճեան, Գոհար Քէլճեան (հետագային Ալլահվերտի), Էլմոն Քէլճեան (հետագային Թոմպուլեան), եւ Արուսեակ Քէլճեան: Լուսանկարուած Կ. Կլիքէասի մօտ, Ֆէնէր, Ռիւ Պալաթ, Աբթի Սու-Պաշու փողոց, թիւ 15:

Գոհար եւ Գէորգ Ալլահվերտեաններու նշանախօսութեան յայտարարութիւնը 1921-ին:
Villeroy & Boch. կապոյտ գոյնով «Հին Լիւքսեմպուրկ» ջուրի մեծ սափոր մը: Անիկա մաս կազմած է Գոհար Ալլահվետիի օժիտին, 1921-ին, Պոլիս:
Villeroy & Boch, աման մը, որուն մէջ Գոհար Ալլահվետին իւղ կը լեցնէր: Անիկա մաս կազմած է իր օժիտին, 1921-ին, Պոլիս:
Քրոշէ ծածկոց. պատրաստուած Գոհար Ալլահվերտիի կողմէ:
Քրոշէ ծածկոց. պատրաստուած Գոհար Ալլահվերտիի կողմէ:
Գէորգ Ալլահվերտեանի ժամացոյցին ոսկիէ շղթան (19 ինչ/48,26 սմ):
Գոհար Ալլահվերտեանի ադամանդէ կախազարդը, տրուած ամուսնոյն կողմէ, 1921-ին։
  • Էլմոն (ծնեալ Քէլճան) Թոմպուլեան (ծնած Պոլիս, 1890-ին, մահացած մօտ 1930-ին) կ'ամուսնանայ 1919-ին եւ կը փոխադրուի Վառնա, Պուլկարիա. զաւակ չէ ունեցած: Ան Պոլիս այցելութիւն մը կու տար իր ընտանիքին, վերադառնալու համար կը բարձրանայ նաւ, եւ ատկէ ետք ոչ ոք կը տեսնէ զայն. ընտանիքը կը կարծէ, որ մէկը սպաննած է զայն:
  • Գոհար (ծնեալ Քէլճեան) Ալլահվերտեան/ Ալլահվերտի
  • Արուսեակ Քէլճեան (ծնած Պոլիս, 1896-ին, մահացած Պոլիս, 1970-ին)
  • Սարգիս Քէլճեան (ծնած Պոլիս, 1898-ին, մահացած Պոլիս)

Քէլճեան երեխաները կը յաճախեն հայկական դպրոցներ եւ նոյնիսկ քիչ մը ֆրանսերէն կը սորվին: Հասկնալիօրէն, անոնք նմանապէս սահուն թրքերէն կը խօսէին եւ օսմանեան թրքերեն կը կարդային ու կը գրէին: Ցեղասպանութեան ժամանակ, Գոհարը և Արուսեակը կամաւոր կ'աշխատին Հասքէօյի Գալֆայեան որբանոցին մէջ (Ֆէնէրի դիմաց, Ոսկեղջիւրին վրայ): Անոնք երեխաները կը լոգցնէին, ոջիլները կը հանէին, անոնց եղունգները եւ/կամ մազերը կը կտրէին, կը կերակրէին եւ կը խնամէին:

Գէորգը եւ Գոհարը ունէին մէկ աղջիկ եւ երկու տղայ.

  • Սոնա Մարիամ (ծնեալ Ալլահվերտի) Պագալեան (ծնած Պոլիս, 25 Մայիս 1922-ին, մահացած Նիւ Եորք, 27 Մարտ 2006-ին)
  • Դանիէլ Գէորգ Ալլահվերտի (ծնած Պոլիս, 1925-ին, մահացած Պոլիս, 2007-ին)
  • Սահակ Գէորգ Ալլահվերտի (ծնած Պոլիս, 1933-ին, մահացած Պոլիս, 2017-ին)

Երբ Սոնան մանուկ էր, անոր մօրենական մեծմայրը կ'ապրէր Ֆէնէր գտնուող (Ոսկեղջիւրին վրայ) պարտէզով եւ ծառերով տան մը մէջ՝ մեծմօր քրոջը, մօրաքրոջ Արուսեակին եւ հօրեղբայր Սարգիս Քէլճանին ու անոր շան հետ:

Ամուսնանալէ ետք, Գէորգ եւ Գոհար կ'ապրին ասիական կողմը գտնուող Քատըքէօյի 7 Քատիֆէ Սոքաքին (փողոցին) վրայ պարտէզով տան մը մէջ: 1930-ականներուն, Ալլահվերտի ընտանիքը կը փոխադրուի Քուրթուլուշ, Ֆէրիքէօյ Փասաժի/անցքին մօտերը: Թաղամաս մը՝ ուր կ'ապրէին բազմաթիւ յոյներ, հայեր եւ հրեաներ: Անոնց հասցէն էր. Kurtuluş Bozkurd Cadde/Avenue, Osman Bay, Բնակարան 21/6: Շէնքը փայտէ էր, եւ իրենց տան հիւրասենեակին մէջ, անոնք ունէին ջեռուցիչ վառարան մը, որ անհրաժեշտ էր ձմռան: 

Սենեակը ինքնին գեղեցիկ էր, զարդարուած՝ ջեռուցիչին սերամիք կանաչ սալիկներովը: Անոնց դուստրը՝ Սոնան դաշնամուր կը նուագէր այդ սենեակին մէջ՝ պատէն կախուած նաւաստիի նկարով եւ ոսկեզօծ շրջանակով որմագորգի մը տակ, զոր Գէորգ բերած էր Ռուսիայէն, Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք: Անոնք տան մէջ՝ խոհանոցը եւ լուացարանը ծորակէն հոսող ջուր ունէին, բայց ընտանիքին անդամները ստիպուած էին լոգնալու համար համամ (բաղնիք) երթալու շաբաթը անգամ մը: Կիներն ու երեխաները որոշ օրեր եւ ժամեր ունէին, իսկ տղամարդոց համար այլ ժամանակացոյց կար: Անոնց շէնքը կը քանդեն 1960-ական թուականներուն՝ պողոտայ մը բանալու համար:

Գոհար Ալլահվերտի ինք կը մեծցնէ իր աղջիկը՝ Սոնան եւ երկու տղաները՝ Դանիէլն ու Սահակը: Նկատի առնելով որ Գէորգին մայրը՝ Նեվրիկը կ'ապրէր ընտանիքին հետ, Գոհար հոգ կը տանի մինչեւ անոր մահը՝ 1967-ին: Աւելի՛ն, Գոհար ինք կը մեծցնէ նաեւ իր թոռը Անին՝ Դանիէլին եւ Սոֆիային աղջիկը: Ան փոքր մարմինով կին մըն էր՝ միշտ գործունեայ իր կեանքին մէջ, աշխատասէր ու միշտ զբաղած իր շրջանակով եւ աշխարհով: Գոհար ընկերային էր. ամիսը մէյ մը կ'ընդունէր բարեկամներն ու հարազատները: Ան թէյ/սուրճ, անուշեղէն կը պատրաստէր եւ եթէ անոնք ճաշի մնային, միշտ ալ պատրաստ էր: Անոր մնայուն հիւրերը իրենց հողաթափերը կը պահէին Ալլահվերտի տան դռան մօտ: Կարգուձեւը այն էր, որ բոլոր այցելուները նախքան տուն մտնելը պէտք է հանեն իրենց ցեխոտ ու փոշոտ կօշիկները:

Ամուսինին մահէն ետք, Գոհար աւելի յաճախ Պէյրութ կ'այցելէր իր աղջկան՝ Սոնա Պագալեանին: Անոր պայուսակը լեցուն կ'ըլլար ղայմախով (գոմէշի խիտ թանձրացած սերուցք, փաթթուած եւ կտրտուած, կ'ուտուի մեղրով), միտյէ տոլմայով, քալթանով, լոխումով՝ գնուած Ալի Մուհիտտին Հաճի Պեքիրի խանութէն, որ կը գտնուէր Կալաթա կամուրջին մօտ, եւ իր շինած խմիչքով՝ ֆիշնէով (բալ): Գոհար կը սիրէր ինքզինք զբաղած պահել: Ան իր թոռներուն համար կը պատրաստէր փուֆ պէօրէք եւ ցորենի ալիւրի հալվա, ան կը հիւսէր եւ քրոշէ կ'աշխատէր, հայերէն թերթեր եւ ֆրանսական ամսաթերթեր կը կարդար, նաեւ քիչ մը արաբերէն կը հասկնար, որովհետեւ դպրոցը օսմաներէն սորված էր:

Գոհար Լիբանան կը գտնուէր, երբ քաղաքացիական պատերազմը սկսաւ 1975-ին: Գոհարին փեսան՝ Բագրատ Պագալեանը կը մահանայ Ապրիլ 1976-ին, լեռնային Պաապտէթ քաղաքին մէջ: Կ'որոշուի, որ Գոհար պէտք է վերադառնայ Պոլիս, որովհետեւ կացութիւնը անկայուն էր: Թոռնուհին՝ Անի Պագալեանը իրեն պիտի ընկերանար մինչեւ Դամասկոս, ապա՝ Պոլիս: Թոռը՝ Սարգո Պագալեանը եւ քանի մը ընկերներ, երկու ինքնաշարժով, իրենց կ'ընկերանան դէպի Դամասկոս, Լիբանանի լեռնաշղթային միակ ճամբով, օձապտոյտ անցնելով գիւղէ գիւղ եւ քաղաքէ քաղաք, մինչեւ կը հասնին Հարաժէլ եւ հոն կը գիշերեն: Յաջորդ օրը անոնք ստիպուած էին Ֆարայա ըլլալու առաւօտեան ժամը 5-ին, ուր հարիւրաւոր ինքնաշարժներ, հիմնականօրէն քրիստոնեայ լիբանանցիներ, կը սպասէին հեռանալու շրջանէն: Կարաւանը կը սկսի շարժիլ կէսօրին, առաջնորդութեամբ՝ հրասայլի մը. այլ հրասայլ մը կը հետեւէր կարաւանին: Զինուորական բազմաթիւ ճիփեր կը հետեւէին հեռացողներու կարաւանին: Երկու ժամ կը տեւէ մինչեւ Պեքաա հասնիլը: Ճամբուն վրայ, երէց մարդիկ գիւղերէն կը դիտէին, երեխաները կը հայհոյէին, կը պոռային եւ քարեր կը նետէին ինքնաշարժներուն վրայ: Գոհար եւ թոռները քաղցած էին. ոչ ոք բան կերած էր նախաճաշէն ի վեր: Ուստի, անոնք կանգ կ'առնեն Շթորա՝ հոն այդ շրջանի նշանաւոր լէպնի սենտուիչը ուտելու համար՝ նախքան Դամասկոս շարունակելը, ուր կը հասնին յաջորդ օրը, առաւօտեան ժամը 2-ին: Սուրիոյ մայրաքաղաքը լեցուն էր հազարաւոր լիբանանցիներով, որոնք կը փորձէին խոյս տալ պատերազմէն. պանդոկներու սենեակները դարձած էին սահմանափակ, նաեւ՝ տեղերը օդանաւներուն մէջ, եւ վիզայի ու այլ սպասարկութիւններու համար երկար շարքեր կը նշմարուէին դեսպանատուներու առջեւ: Գոհար իր ամբողջ կեանքը ապրած էր Պոլիս, բայց ականատես չէր եղած պատերազմի եւ ցեղասպանութեան: 83 տարեկան հասակին, առանց որեւէ բողոքի, ան մաս կը կազմէ յանդուգն ուղեւորութեան մը դէպի Պոլիս վերադարձի ճամբուն վրայ: Գոհար վերստին Պէյրութ չի վերադառնար մինչեւ 1980-ական թուականները:

Գոհար կը շարունակէ ինքզինք զբաղցնել պատկերասփիւռ դիտելով, ճաշ եփելով եւ քրոշէ աշխատելով: Իբրեւ աշխուժ կին, ան դժուար կացութեան կը մատնուի, երբ 1990-ականներուն կը սկսին տկարանալ իր տեսողութիւնն ու լսողութիւնը՝ վհատանք պատճառելով իրեն: Գոհար կը մահանայ 104 տարեկանին, Պոլսոյ մէջ, եւ կը թաղուի Շիշլիի Հայ Առաքելական գերեզմանատունը՝ ամուսնոյն եւ քրոջը՝ Արուսեակին կողքին:

Չորրորդ սերունդը

Պետրոս եւ Փերուզ Իյնէճեաններու շառաւիղները

Մարիամ/Մարի Պետրոս Իյնէճեան (ծնած Պոլիս, 24 Նոյեմբեր 1907-ին, մահացած Լոզան, 1953-ին) պէտք էր ութ տարեկան եղած ըլլար, Լոզան հասած ատեն: Զուիցերիոյ մէջ, ան իր անունը Մարիամէն կը փոխէ Մարիի: Ան առիթ չ'ունենար Զուիցերիայի քաղաքացի դառնալու, որովհետեւ օրէնքները անոր մահէն ետք միայն կը փոխուին: Ան Օսմանեան կայսրութեան/Թրքական Հանրապետութեան քաղաքացի էր եւ ստիպուած էր յաճախակի նորոգել իր կեցութեան արտօնագիրը:

Մարի կը յաճախէ Լոզանի երաժշտանոցը եւ կը դառնայ համերգային դաշնակահար: Ան ամուսնացած չէր: Կը մահանայ արեան քաղցկեղէ:

Արամ Պետրոս Իյնէճեան (ծնած Պոլիս, 1910-ին, մահացած Լոզան, Օգոստոսի 1973-ին) կ'ապրէր իր ընտանիքին հետ Քատիքէօյի մէջ, Պոլսոյ ասիական կողմը: Անոնց տան մէջ կ'ապրէին մայրը՝ Փերուզ (ծնեալ Սիւզմէեան) Իյնէճեանը (ծնած Քասթամոնու, 21 Օգոստոս 1888-ին, մահացած Լոզան, 1971-ին), հայրը՝ Պետրոս Յարութիւն Իյնէճեանը (ծնած Կեսարիա, 1874-ին, մահացած Լոզան 1961-ին) եւ քոյրը՝ Մարիամ, որ իրմէ երեք տարի մեծ էր: Անոնց հայրը յաջողակ գործարար էր:

1913-ին, մայրը կը հիւանդանայ, եւ բժիշկները կ'ըսեն, որ ան թոքախտէ կը տառապի: Պետրոս Իյնէճեան իր զաւակները կը ձգէ քոյրերուն՝ Տիգրանուհիին և Նեվրիկին քով, ու կինը կը տանի Զուիցերիա: Քանի մը տարուան ընթացքին, Փերուզ կը վերագտնէ իր առողջութիւնը, Պետրոս կ'երթայ Պոլիս եւ երեխաները՝ Մարիամն ու Արամը կը բերէ Լոզան, մօտ 1915-ին:

Արամ Իյնէճեան շատ արագ ֆրանսերէն կը սորվի, իսկ հետագային՝ գերմաներէն: Ան իր զուիցերիական պաքալորիան կը ստանայ Ֆրիպորկի Վիլլա Սէն-Ժան երկրորդական վարժարանին մէջ: Թէեւ Իյնէճեանները հայ էին, բայց անոնք տան մէջ թրքերէն կը խօսէին իրարու հետ:

Իր մանկութեան եւ պատանութեան օրերուն, Արամ հօրմէն կը սորվի ինչպէս գործ դարձնել, նաեւ՝ կը ծանօթանայ արեւելեան գորգերու աշխարհին: Արամ հօրը գործին կը միանայ 1928-ին, երբ ան 18 տարեկան կ'ըլլայ, իսկ հետագային՝ 1937-ին, ան շէնք մը գնէ Լոզանի 7 rue de Bourg փողոցին վրայ: Հայր ու որդի թրքերէն կը խօսէին, երբ գորգի յաճախորդ մը վարանումի կամ այլ նշան ցոյց տար: Նաեւ, Արամ թրքերէն կը խօսէր իր պաշտօնակիցներուն հետ, եթէ անոնք հայ էին կամ Միջին Արեւելքէն եկած էին Եւրոպա, եւ երբ ան Պոլիս կ'երթար գնում կատարելու համար:

Արամ կ'ամուսնանայ Ժորժէթ Ապրէզոլի հետ (ծնած 1915-ին, մահացած 22 Յունուար 2010-ին): Ժորժէթ յաճախած էր Ժընեւի համալսարանը եւ մասնագիտացած ատամնաբուժութեան մէջ: Ան կը սիրէր մարզանքը, եւ այդ սէրը փոխանցած էր իր զաւակներուն. լեռներ բարձրանալ եւ դահուկարշաւ կատարել Զուիցերիոյ մէջ, լողալ Ֆրանսայի մէջ, եւ, ի վերջոյ, Արամ տուն մը կը գնէ Սէն Թրոփէի մէջ, որպէսզի իր ընտանիքը ամառները վայելէր Միջերկրականեան ծովը: Անոնք կ'ապրին Լոզանի մէջ, եւ հետագային մեծ տուն մը կը գնեն Avenue de Rumine-ի վրայ, որ մինչեւ այսօր կը գտնուի ընտանիքին ձեռքը:

Զոյգը ունէր չորս զաւակ.

  • Փիեռ Իյնէճեան (ծնած Լոզան, 1940-ին)
  • Փաթրիք Իյնէճեան (ծնած Լոզան, 1943-ին)
  • Անմարի Իյնէճեան (ծնած Լոզան, նոյեմբերին 1945-ին, մահացած Լոզան, Մայիս 2019-ին)
  • Քրիսթիան Իյնէճեան (ծնած Լոզան, 1948-ին, մահացած Սէն-Թրոփէի մէջ, 1971-ին ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով, քրոջը հարսանիքէն առաջ)

Արամ իր ժամանակին մարդն էր: Ան կը սիրէր ինքնաշարժները: Կը գնէ Pic-Pic (Piccard եւ Pictet) ինքնաշարժ մը՝ արտադրուած Ժընեւի մէջ, 1937-ին: Ան թենիս կը խաղար եւ սքի կ'ընէր, իսկ թռչելու արտօնագիրը կը ստանայ 1936-ին: Արամ եւ կինը կը սկսին հաւաքել գեղանկարներ, որոնք յառաջապահ կը նկատուէին արուեստի աշխարհին մէջ, ինչպէս՝ Ժան Արփ, Էնտի Ուորհոլ, Էլսուորթ Քելլի, Ռենէ Մակրիթ եւ ուրիշներ: Իբրեւ հայ, 1945-ի շուրջ Արամ նաեւ կը հրաւիրէ Գրիգոր Պետիկեանը (ծնած Ատանա 1908-ին, մահացած Փարիզ 1981-ին) իր նկարները ցուցադրելու։ Այս առիթով, փոխարէն Պետիկեան կը գծէ իր հօր իւղաներկ դիմանկարը: Ապա Արամ կը բարեկամանայ Փարիզ ապրող յղացական արուեստի վարպետ Սարգիսի հետ [Զապունեան] (ծնած Պոլիս, 1938-ին):

Արամ Թուրքիա կ'երթար գորգեր գնելու, իսկ Պոլսոյ մէջ կ'այցելէր իր հարազատներուն: Կը ճամբորդէր նաեւ Պէյրութ: Արամին կրտեր որդին՝ Փիեռ կ'աշկերտէ գորգերու ընտանեկան վաճառատան մէջ, եւ մէկ տարի՝ 1960-ին, Իյնէճեաններու երեք սերունդ կ'աշխատի միասին Լոզանի 7 rue de Bourg հասցէին՝ նախքան Պետրոսի մահը յաջորդ տարին:

Արամ Իյէնճեանի մահէն ետք, 1973-ին, անոր տղան՝ Փիեռը կը ստանձնէ Լոզանի գորգի վաճառատունը: Արամին կինը՝ Ժորժէթ կը շարունակէ իր մարզասէր կեանքը եւ հետաքրքրութիւնը ժամանակակից արուետի նկատմամբ: Ժորժէթ կը մահանայ 2010-ին:

Հինգերորդ սերունդը

Նուարդ (ծնեալ Ալլահվերտեան) Կարապետ Պալթայեանի շառաւիղները

Արա Կարապետ Պալթայեան (ծնած Պոլիս, 6 Սեպտեմբեր 1920-ին, մահացած Նիւ Հէյվըն, Քոնէքթիքէթ, 7 Օգոստոս 2015-ին) խելացի տղայ մըն էր, եւ անոր ծնողները շատ կը սիրէին զինք: Անոր մանկութեան տունը կը գտնուէր Պոսթանճի՝ Մարմարա ծովու ափին գտնուող թաղամաս մը, Քատըքէօյի մէջ: Ընտանիքը Քոնսթանցա կը ճամբորդէր իր հարազատներուն այցելելու համար, իսկ ամռան անոնք կը վայելէին Հէյպելի կղզին եւ Էմիրկանը, Վոսփորի վրայ:

Արա կը յաճախէ ականաւոր Ռոպըրթ քոլէճը, որ հիմնուած էր 1863-ին Վոսփորի վրայ, ամերիկացի բարերար Քրիսթոֆըր Ռոպըրթի եւ միսիոնար Սայրըս Համլինի կողմէ: Արա կը ստանայ երկակի երկրչափական վկայականներ մեքենաշինութեան և ելեկտրատգիտութեան մարզերուն մէջ: Նկատի առնելով, որ զինուորական ծառայութիւնը պարտադիր էր Թուրքիոյ մէջ, Արա իբրեւ սպայ կը կատարէ իր պարտականութիւնները, որովհետեւ համալսարանաւարտ էր: Աւելի ուշ, ան Իզմիրի մէջ կ'աշխատի ամերիկացի պահեստային սպայի մը մօտ: Արա կ'ամուսնանայ հայ քարտուղարուհիի մը հետ, որ կ'աշխատէր քոլէճին մէջ, եւ կ'ունենայ որդի մը՝ ծնած 1945-ի շուրջ:

1951-ին, Աշըգեան ընտանիքը՝ Կարապետը, Պերճուհին եւ երկուորեակները՝ Այտան ու Պարոյրը, Քոսթանցայէն դէպի Պէյրութ ճամբուն վրայ, երբ անոնց նաւը կանգ կ'առնէ Իզմիր, 25 Մայիսին, անոնք ժամանակ կ'անցնեն Արա Պալթայեանին եւ անոր տղուն հետ: Այդ թուականէն ետք, Արա կը լքէ Պոլիսը, որովհետեւ ամուսնութիւնը ներդաշնակ չէր, եւ խոյս կու տայ դէպի Միացեալ Նահանգներ՝ իր կինն ու որդին ձգելով Թուրքիոյ մէջ:

Արա կը շարունակէ իր ուսումը Եէլի համալսարանին մէջ՝ ստանալով ճարտարագիտութեան մագիստրոսի աստիճան: Ան երկար տարիներ կը գերազանցէ հետազօտութեան եւ բարգաւաճման մարզերուն մէջ: Իբրեւ արհեստավարժ ճարտարագէտ, ան կ'աշխատի երթեւեկի լոյսերու բարելաւման ուղղութեամբ:

Արա Պալթայեան կ'ամուսնանայ Մէյրի (ծնեալ Առաքելեան) Պալթայեանի հետ (ծնած Ուոթըրպըրի, Քոնէքթիքէթ, 6 Յունուար 1918-ին, մահացած Նիւ Հէյվըն, Քոնէքթիքէթ, 20 Յունիս 2010-ին): Անոր մօր աղջկան անունը Մէյրի Նազարեան էր եւ ունէր երկու քոյր՝ Էլիզապէթ Առաքելեան եւ Ան Պալայեան, եւ եղբայր մը՝ Ճէք Առաքելեան: Մէյրին երկրորդ սերունդ ամերիկահայ էր, որ թրքերէն կը խօսէր: Անոր հայրը գորգերու վաճառատուն մը ունէր Նիւ Հէյվընի մէջ, ուր կ'ապրէր իր ընտանիքը: Երկրորդական վարժարանէն յետոյ, Մէյրին կ'աշխատի երկաթուղագիծի ընկերութեան մէջ, եւ շատ գործունեայ էր YWCA-ի (Երիտասարդ Կիներու Քրիստոնէական Կազմակերպութիւն) եւ ASA-ի (Հայ Ուսանողնեուի Միութիւն) մարմիններուն մէջ:

Արան և Մէյրին կ՚ունենան երկու տղայ եւ մէկ աղջիկ.

  • Չարլզ Արա Պալթայեան (ծնած Քոնէքթիքէթ, 1953 թ.) ոսկերիչ է, ամուսնացած Մէյրի (ծնեալ Կրիլօ) Պալթայեանի հետ (ծնած Քոնէքթիքէթ, 1957-ին): Անոնք ունին երկու տղայ, Չարլզ (ծնած Քոնէքթիքէթ, 1987-ին) եւ Արամ (ծնած Քոնէքթիքէթ, 1996-ին)
  • Արթըր Արա Պալթայեան (ծնած Քոնէքթիքէթ, 1950-ի շուրջ) կը զբաղի բնակարաններու եւ կալուածներու առուծախով ու վերաշինութեամբ: 2000-ին կ'ամուսնանայ Լինտա (ծնեալ Պարպութօ) Պալթայեանի հետ:
  • Ռոզմէրի/Ռօ (ծնեալ Պալթայեան) Ռոնըլտ Մորիս (ծնած Քոնէքթիքէթ, 1950-ականներուն), զաւակները՝ Ռէյմընտ Մորիս եւ Մելիսա Մորիս: Կ'ապրի Տահլոնէկա, Ժորժիա

Արա Պալթայեան տասնամեակներ մաս կազմած է Ռոթըրի Ինթըրնէշընըլ-ի, ուր ծառայած է իբրեւ Նիւ Հէյվընի ակումբին ընտրուած եւ նախկին նախագահը: Մէյրին հանրածանօթ դարձած էր իր փախլավայով եւ անոր պատրաստութիւնը կը դասաւանդէր կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ: Արան կը սիրէր լուսանկարել եւ իր փոքր առագաստանաւը նաւարկել Օուէնեկոյի մօտ՝ Լոնկ Այլընտ Սաունտի ջուրերուն վրայ:

Հինգերորդ սերունդը

Գէորգ եւ Գոհար Ալլահվերտիի երկու որդիներուն շառաւիղները

Դանիէլ Գէորգ Ալլահվերտի (ծնած Պոլիս, 1925-ին, մահացած Պոլիս 2007-ին) կը յաճախէ հայկական դպրոցներ, ներառեալ՝ Կեդրոնական վարժարան, որ հեղինակաւոր էր Պոլսոյ մէջ, 1886-էն ի վեր: Անիկա կը գտնուի Քարաքէօյ շրջանը, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից: Ան կ'ամբողջացնէ իր զինուորական ծառայութիւնը եւ սպայից աստիճան կը ստանայ 1949-ին:

Պոլիս վերադառնալով՝ Դանիէլ կարճ ժամանակով կ'աշխատի իր հօր մօտ: Ապա ան կը հիմնէ իր անձնական գործը՝ երկաթեղէնի վաճառատուն մը Նիշանթաշի վրայ՝ առեւտուրի եւ բնակարաններու թաղամաս մը, որ կը նկատուի Պոլսոյ ամէնէն իւրայատուկ թաղամասերէն մէկը:

Դանիէլ կ'ամուսնանայ Սոֆիային հետ (ծնած Պոլիս, 1927-ին, մահացած Պոլիս, 1994-ին) մօտ 1950-ին: Ան յոյն էր, եւ հայերէն կը սորվի: Զոյգը կ'ունենայ երկու դուստր.

  • Անի (ծնեալ Ալլահվերտի) Թունչէր (ծնած 1952-ին, Պոլիս): Անոր մեծմայրը՝ Գոհար Ալլահվերտին իր տան մէջ կը մեծցնէ զայն: Ան ունի երկու աղջիկ՝ Սելին եւ Լերնա:
  • Սոնա (ծնեալ Ալլահվերտի) Արթինեան (ծնած Պոլիս, 1954-ին) ունի աղջիկ մը՝ Էլիզապէթ եւ երկու թոռներ:

Դանիէլ մաս կը կազմէր Պոլսոյ իր ծուխի հայկական եկեղեցւոյ երգչախումբին, իսկ ամռան, ան հաճոյքով ձկնորսութեան կ'երթար իր փոքր նաւակով Քընալըատայի շրջակայքը, այն կղզիին շուրջ՝ ուր պոլսահայերը իրենց ամառները կ'անցնէին:

Սահակ Գէորգ Ալլահվերտի (ծնած Պոլիս, 1933-ին, մահացած Պոլիս, 2017-ին) ուսումնասէր պատանի մըն էր: Զիուորական իր ծառայութիւնը ամբողջացնելէ ետք, ան կը դառնայ պահեստի սպայ: 1952-ին, ան կը մեկնի Լիբանան՝ իր քոյրը Սոնան եւ խնամին՝ Բագրատը, ընտանիքին անդամները եւ քրոջը փոքրիկ աղջիկը տեսնելու համար: Որոշ ատեն Սահակ կ'աշխատի հօրը մօտ, ապա՝ այլ մարդոց:

Պատանի տարիքին, Սահակ ձեռնադաշնակ կը նուագէր: 18 տարեկան էր, երբ ան իր թեւը կը կոտրէ. զինք կը խնամէ հայ բուժքոյր մը: Ան կը սիրահարի բուժքրոջ, հակառակ անոր որ իրմէ շատ աւելի մեծ էր, բայց ան հաւատարիմ կը մնայ անոր մինչեւ մահ: Ան ֆրանսական սինեմայի եւ պատկերասփիւռի հռչակաւոր դերասան եւ երգչուհի Ալիս Սափրիչի (1916-1991) քոյրն էր: Ամուսինները Փարիզի մէջ այցելութիւն մը կու տան Սափրիչի:

Հինգերորդ սերունդը

Գէորգ եւ Գոհար Ալլահվերտիի շառաւիղները. Սոնան եւ անոր ընկերները

Ատրինէ Կէօմլէքճեան (ծնած Պոլիս, մօտ 1910-ին, մահացած Պէյրութ, 1980-ականներու սկզիբը) իր ծնողներուն հետ կ'ապրէր Նարլի Քափու թաղամասը, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին մօտ: Ծնողները կանուխ կը մահանան եւ զայն կը ձգեն որբ: Անոր մօրեղբայրն ու կինը զինք կը դնեն աղջիկներու Գալֆայեան որբանոցը: Երբ կ'աւարտէ ուսումը, ան կը դառնայ տիկին Սիմոն Քայսերլեանի ուղեկիցը: Մեծահարուստ զոյգը վիլլա մը ունէր Սիմիէ-Նիս քաղաքը, իսկ Ատրինէն ամառները կ'անցնէր Ռիվիերայի երկայնքին:

1947-ի ատեն, Ատրինէն կը ծանօթանայ տղամարդու մը, եւ անոնք կ'որոշեն ամուսնանալ: Այդ ժամանակ, խորհրդայինները կը քաջալերէին Միջին Արեւելքի հայերը ներգաղթելու Հայկական Սովետական Սոցիալիստական Հանրապետութիւն (ԽՍՀ): Անոր ապագայ ամուսինը կը ներգաղթէ Պոլիսէն: Ինք պէտք է հետեւեր անոր, սակայն, Թուրքիա կը դադրեցնէ կարաւանները, ուստի ան կ'երթայ Պէյրութ՝ յաջորդ նաւը բարձրանալու համար: Պոլիսէն մեկնելէ առաջ, Պոլսոյ պատրիարքարանը Ատրինէին կու տայ յանձնարարական նամակ մը, ուղուած՝ Անթիլիասի Կիլիկիոյ Գարեգին Ա. կաթողիկոսին (1945-1952): Լիբանանի մէջ, ան դերձակութիւն կ'ընէ եւ կար կը կարէ կաթողիկոսին համար, որ չի քաջալերեր զայն երթալու Հայաստան: Գարեգին Ա  Ղարաբաղ ծնած էր եւ մինչեւ 1935 թուականը ապրած ու Հայ Եկեղեցւոյ ծառայած էր ցարական Ռուսիոյ ու անոր յաջորդ Խորհրդային Միութեան մէջ:

Երբ Ատրինէն կը ձգէ Քայսերլեանները, անոնք իրեն կու տան կարի մեքենայ մը եւ քիչ մը դրամ: Ան ունէր նաեւ իր սեփական միջոցները. կը խօսէր հայերէն, թրքերէն եւ ֆրանսերէն՝ հետագային սորվելով նաեւ արաբերէն: Ան կրնար կարել, գիտէր ասեղնագործութեան քանի մը տեսակ, ինչպէս՝ կտրտովի, ժանեակագործութիւն, ոսկեգործութիւն եւ թելքաշ: Ան նաեւ լաւ խոհարար էր, ինչպես նաեւ հաճոյալի անձնաւորութիւն՝ ընկերային դրական հմտութիւններով օժտուած: Ան աշխատելու կը սկսի մանուկներու հոգատարութեամբ եւ տարեցներու խնամքով, ինչպէս նաեւ՝ կարելով եւ ասեղնագործութեամբ: Ի վերջոյ, ան բնակարան մը կ'ունենայ Համրայի Թաննուխին փողոցին վրայ. բնակարանը ունէր երեք ննջասենեակ, հիւրասենեակ մը, խոհանոց մը, երկու բաղնիք եւ չորս պատշգամ: Անիկա մօտ էր Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին, ուստի ան տան մէջ տեղ կու տայ ուսանողներու, որոնց ընտանիքները Լիբանանէն դուրս կը գտնուէին: Ան ճաշ կը պատրաստէր անոնց համար եւ լուացքը կ'ընէր: Երբ կը սկսի իր յիշողութիւնը կորսնցնել՝ կ'ուղարկուի Պուրճ Համուտի հայկական ՔԱՀԼ տարեցներու տունը, ուր կը մնայ մինչեւ իր մահը: Ատրինէ կ'ունենայ դժուար մանկութիւն մը, բայց ան կամքի տէր էր եւ իր կեանքը կը դարձնէ իմաստալից ու ջերմ:

Ֆրանսուհի Փարթիքեան/Փարթիքօղլու (ծանօթ՝ Փարթիք) (ծնած Պոլիս, 1921-ին, մահացած Շիքակօ, 2007-ին) 1938-ին Սոնային հետ կ'աւարտէ Էսայեան դպրոցը: Ան կը դառնայ բուժքոյր եւ կը գաղթէ Միացեալ Նահանգներ: Քաղաքացիութիւնը ստանալէ ետք, ան Պոլիսէն բերել կու տայ մայրն ու եղբայրը՝ Կարպիսը: Փարթիք յաճախ կը նամակցէր Սոնային հետ: 1973-ի ամռան, Փարթիք Նիւ Եորքէն, իսկ Արաքսին Պոլիսէն կու գան Ռումիէ (Լեռնալիբանան) Սոնային հետ տեսնուելու համար:

Փարթիք կը ծանօթանայ Պերճուհի/Սիւզի Օքսուզին հետ, Պոլսոյ հիւանդապահական դպրոցին մէջ: Պերճուհին Անգարա ապրած է Ցեղասպանութենէն յետոյ, եւ հայերէնը սորված իր ընկերներէն: Քանի մը հիւանդանոցի մէջ աշխատելէ ետք, այս բուժքոյրերը կը մեկնին Նիւ Եորք, եւ կ'աշխատին Մէնհէթընի աչքի, ականջի եւ կոկորդի հիւանդանոցին մէջ: Անոնք կ'ապրին հիւանդանոցին անձնակազմին յատկացուած հանրակացարաններու մէջ: Անոնք իրենց հիմնական ճաշերը կ'ուտեն Սիլվըր Սթար Տայնըրի մէջ (65-րդ փողոց եւ երկրորդ պողոտայ): Սեփականատէրը յոյն էր եւ կ'օգնէ որ անոնք իրենց տան պէս զգան: Անոնք կը խնայեն իրենց ամսականները՝ Եւրոպա կամ Ամերիկաները ճամբորդելու համար: Երբ հիւանդանոցը կ'որոշէ վերցնել հանրակացարանը, Փարթիք եւ Պերճուհի կ'որոշեն հանգստեան կոչուիլ, եւ յարկաբաժին մը կը վարձեն Քուինզ գտնուող իրենց պոլսեցի մէկ բարեկամէն: Երբ Փարթիքի առողջութիւնն ու յիշողութիւնը կը սկսին վատթարանալ եւ օգնութեան կարիքը կը զգացուի, անոր զարմուհին՝ Նատիան եւ ամուսինը՝ Արման Գրիգոր/Միրիճեան, Փարթիքն ու Պերճուհին կը տեղափոխեն Շիքակօ: Փարթիք աւելի առաջ կը մահանայ, Պերճուհին քանի մը տարի ետք:

Արաքսի (ծնեալ Անդրէասեան) Կարպիս Ուղուրլեանը եւ Սոնան Էսայեան դպրոցը կ'աւարտեն 1938-ին: Արաքսին ուսումը կը շարունակէ Պոլսոյ գերմանական լիսէին մէջ: Անոր ամուսինը գորգերու վաճառատուն մը ունէր Պոլսոյ մէջ, բայց հետագային, ան կը սկսի հայ զբօսաշրջիկներ Պոլիսէն տանիլ Հայաստան, Հալէպ եւ այլն: Անոնք կ'ունենան երկու որդի. մէկը բժիշկ է Աւստրիոյ մէջ: Քոյրը՝ Անաիսը (ծնեալ՝ Անդրէասեան), 1963-ին կ'ամուսնանայ յայտնի բանաստեղծ Զարեհ Եալտիզչիեանի հետ (ծնած 1924-ին, մահացած 2007-ին), գրչանունը՝ Զահրատ:

Ալին (ծնեալ Մամբրէլեան) Քալէնտերoղլու (ծնած Պոլիս, 1926-ին, մահացած Պոլիս, 2010-ին) Անոր հայրը իրենց մականունը Մամբրէլեանէն կը փոխէ Կէօրենէրի, 1957-ին: Ան կ'աւարտէ նշանաւոր Նոթրը Տամ տէօ Սիոնը: Կը փափաքէր համալսարան երթալ, բայց հայրը չ'արտօներ: Քանի մը ամիսով կը մեկնի Լիբանան՝ Սոնային այցելելու նպատակով: Ապա իր նախկին դպրոցին մէջ կը դասաւանդէ ֆրանսերէն եւ գրականութիւն: 1971-ին, Ալին կ'աշխատի Փան Ամերիքըն օդանաւային ընկերութեան Պոլսոյ գրասենեակի հաշուապահական բաժանմունքին մէջ: Ան առիթ կ'ունենայ ճամբորդելու Չինաստան եւ Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաները, եւ կ'անցնի Պէյրութէն: Ընկերութեան մէջ 20 տարի մնալէ ետք, ան հանգստեան կը կոչուի, եւ աւելի ժամանակ կ'ունենայ ճամբորդելու եւ այցելելու իր ընկերուհիին՝ Սոնային, Նիւ Եորք: Ալին կ'ամուսնանայ Սահակ Քալէնտերoղլուի հետ, որ Պոլսոյ մէջ կ'ամբողջացնէ բժշկական դպրոցի բոլոր տարիները. լաւ ուսանող ըլլալով հանդերձ դասախօսները ցած նիշեր կու տան հայ ըլլալուն պատճառով՝ զայն ձախողցնելու եւ  բժշկութեամբ զբաղելէ զրկելու միտումով: Ան արեւելեան գորգեր կը ծախէր...։

Անոնք կ'ունենան տղայ մը եւ աղջիկ մը.

  • Ալեքս Քալէնտերoղլու (ծնած Պոլիս, 1967-ին) կը հետեւի ուսողութեան եւ աստղագիտութեան: 2015-ին, ան կրօնաւոր կը դառնայ Թայլէնտի Թերավատա վանքին մէջ
  • Լին (ծնեալ Քալէնտերoղլու) Էօզյէօնիւմ (ծնած Պոլիս, 1968-ին) կը դասաւանդէ Նոթրը Տամ տէօ Սիոնի մէջ, եւ ունի տղայ մը ու աղջիկ մը

Հերմինէ (ծնեալ Պետրոսեան) Վարժապետեանին (ծնած Դամասկոս, 1925-ին, մահացած Լոս Անճելըս, 2017-ին) ծնողներն են Գառնիկն ու Նուարդը (ծնեալ Մեսճեան)՝ Աքշէհիրէն: Ցեղասպանութենէն ետք, անոնք կը հաստատուին Դամասկոս՝ ի վերջոյ փոխադրուելու Պէյրութ, 1925-ին: Անոր հայրը փուռ մը կը բանայ Խանտաք Էլղամիքի մէջ, ուր բազմաթիւ հայեր կ'ապրէին: Պետրոսեանները ունէին երեք զաւակ՝ Արթաքի, Հերմինէ եւ Պերճ: Հերմինէն կը յաճախէ Հռիփսիմեանց վարժարան, ապա՝ Պէյրութի Կանանց Քոլէճը (այժմ ՝ Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարան), ուր կը ստանայ մանկական հոգեբանութեան AA աստիճանի վկայական:

Հերմինէն կ'ամուսնանայ տոքթ. Տիգրան Վարժապետեանի հետ, 1951-ին: Ան ճառագայթաբան է եւ հեղինակ: Տիգրան եւ անոր եղբայրները՝ Սիսակ [որ գրած է Լիբանանի հայերու պատմութեան մասին գիրքեր], Հրաչ եւ իրենց մայրը՝ Վիքթորիան, տարագրուած են Մարաշէն, 1915-ին: Անոնք Հալէպ կը հաստատուին 1922-ին: 1923-ին, Տիգրան եւ եղբայրները կը յանձնուին Թռչնոց Բոյն որբանոցի խնամքին, Ժիպէյլի (Պիպլոս) մէջ: Վիքթորիա կը հոգայ իր ընտանիքին կարիքները՝ աշխատելով Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցին մէջ, իբրեւ արտահիւանդանոցային հիւանդներու բուժքոյր: Տիգրան կ'աւարտէ Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանը 1929-ին, ապա կը յաճախէ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը, եւ իբրեւ բժիշկ կը վկայուի1937-ին: Իսկ 1947-ին կը մեկնի Մ. Նահանգներ, եւ Հարվըրտ համալսարանին մէջ կը մասնագիտանայ ճառագայթաբանութեան ճիւղին մէջ:

Հերմինէ կը գրէ The Great Four: Mesrob Mashdots, Komidas Vartabed, General Antranik, and Toros Toramanian [Մեծ Քառեակը՝ Մեսրոպ Մաշտոց, Կոմիտաս Վարդապետ, Զօրավար Անդրանիկ եւ Թորոս Թորամանեան] գիրքը, որ լոյս կը տեսնէ 1969-ին: Ան գործունեայ էր ՀԲԸՄ-ի մէջ եւ ատենապետուհին էր Կանանց Միութեան: Հերմինէին ամուսինը կը մահանայ 1977-ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ժամանակ, հետեւեաբար ան Միացեալ Նահանգներ կը գաղթէ:

Քալիֆորնիոյ մէջ, Հերմինէն Փասատենայի հանրային դպրոցին մէջ կ'ըլլայ ուղղութիւն տուող խորհրդատու՝ հայ աշակերտներուն օգնելու համար: Ան ունէր երեք զաւակ.

  • Լուսայգը խօսակցութեան-արտայատութեան հիւանդութիւններու ախտաբան է Մոնրէալի մէջ
  • Իրենան բժշկական տարրալուծարանի արհեստագէտ է Կլէնտէյլի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ
  • Հրակը ազգագրագէտ է: Գրած է՝ The Poetics of History and Memory: The Multiple Instrumentalities of Armenian Genocide Narratives [Պատմութեան եւ յիշողութեան ստուգաբանութիւնը. Հայոց ցեղասպանութեան պատմողութեան բազմաթիւ գործիքները] գիրքը։

(copy 89)

Զապէլ (ծնեալ Մոմճեան) Փիլաւճեան (ծնած Դամասկոս, 1923-ին) Յակոբ եւ Սիրանուշ Մոմճեաններու դուստրը՝ Տիգրանակերտէն: Ան ունէր երկու երէց եղբայրներ՝ Թոմաս եւ Սիմոն: Զապէլ զարգացած էր, եւ շատ սահուն ֆրանսերէն կը խօսէր: Երկրորդական դպրոցը աւարտելէ ետք, Դամասկոսի մէջ ան կ'աշխատի Air France ընկերութեան մէջ:

Յուլիս 1948-ին, ան կ'ամուսնանայ ատամնաբուժ Խաչատուր Փիլաւճեանի հետ (ծնած Աքշէհիր 1911-ին, մահացած Պէյրութ, 11 Մայիս 1966-ին): Ցեղասպանութենէն ետք, Խաչատուրին ծնողները կը փոխադրուին Դամասկոս: Ան երկու քոյր ունէր՝ Նոյեմզար եւ Շահնար. երկուքն ան կ'ամուսնանան եւ կ'ապրին Մարսէյ: Խաչատուր կ'աւարտէ Պէրութի Սէն Ճոզէֆ համալսարանի ատամնաբուժական բաժանմումքը: Ան ատամնաբուժական դարմանատուն մը կը բանայ իր բնակած Տըպպաս թաղամասին մէջ: Տոքթ. Փիլաւճեան անդամ էր Վերածնունդ միութեան այրերու յանձնախումբին: Անոնք կ'ունենան աղջիկ մը.

  • Վերոնիք (Վերա) (ծնած Պէրութ 1949-ին, մահացած Փարիզ, մօտ 1984-ին): Բժիշկին մայրը կը կոչուէր Վերա (ծննեալ՝ Պետրոսեան) Փիլաւճեան:

Զապէլին ամուսինը կը մահանայ ուղեղային արիւնահոսութեան հետեւանքով, 55 տարեկանին: Այրի կնոջ աշխատավարձը սահմանափակ էր, ուստի ան իր տունը կ'ընդունի օթեւանողներ. անոնք Գահիրէէն ժամանած հայեր էին, որոնք իրենց ամերիկեան վիզային կը սպասէին:

Վերոնիք Պէյրութի մէջ կը յաճախէ Քոլէժ Փրոթեսթան Ֆրանսէ դպրոցը. ան ուսումնատենչ էր, եւ կը սիրէր պատմութիւնը: 18 տարեկանին, ան շատ կ'ոգեւորուի, երբ կ'ընդունուի Lycée Fénelon, որովհետեւ անիկա աղջիկները կը պատրաստէր École Normale Supérieure-ի: Ուսումնական առաջին տարին ամբողջացնելէ ետք, կը վերադառնայ Պէյրութ: Ան կորսնցուցած էր իր կշիռքին կէսը. հետագային այս հիւանդութիւնը պիտի կոչուէր Anorexia Nervosa եւ Bulimia: Մայրը կը միանայ Վերոնիքին Փարիզի մէջ եւ կը խնամէ զայն: Ան կը մահանայ իր 30-ական տարիքի կէսերուն: Ֆրանսա գտնուած միջոցին, Զապէլ կը յաջողի թէ՛ իր գործին եւ թէ ընկերային կեանքի մէջ, բայց ընդմիշտ կը սգայ իր դուստրը:

Ճուլիա (ծնեալ Պազիրկանեան) Սարգիս Պզտիկեան (ծնած Պոլիս, մօտ 1913-ին, մահացած Իտալիա, մօտ 2000-ին) Պոլիս բնակող բժիշկի մը աղջիկն էր. ան ունէր երէց քոյր մը՝ Էպրու եւ երկու եղբայրներ՝ երկուքն ալ բժիշկ: Ան կը մեծնայ հոգատար կիներու հետ, որոնք իրեն կը սորվեցնեն ֆրանսերէն եւ անգլերէն: Ծնողքը զայն կ'ուղարկէ Պէյրութի Կանանց Ամերիկեան Ճիւնիոր Քոլէճը, 1931-ի շուրջ: Համալսարանը կը գտնուէր Քուրայթիմ/Համրա, իսկ հանրակացարանին մէջ, Ճուլիային սենեկակիցն էր Սալմա Նասսարը (1913-1967): Նասար առաջին կինն էր Լիբանանի մէջ, որ դոկտորական (Ph.D.) կը ստանայ կորիզաին բնագիտութեան մէջ, մինչ Ճուլիան վէպեր կը կարդար ու կը զուարճանար: Անոնք բարեկամներ կը մնան մինչեւ Սալմայի մահը արեան քաղցկեղէ: Քառասունական տարիքին Ճուլիա կ'ամուսնանայ Սարգիս Պզտիկեանի հետ: Ան ծնած էր Մարաշ, եւ թաղապետ (մուխթար) էր Պուրճ Համուտ հայկական թաղամասին մէջ (Պէյրութի հիւսիսը): Հակառակ անոր որ Ճուլիան եւ Սարգիսը կու գային տարբեր շրջանակներէ եւ տարբեր կրթութիւն ուէին, բայց անոնք կը սիրէին զիրար:

Ճուլիա կը դառնայ Սոնային ընկերուհին եւ անոր անգլերէնի դասեր կու տայ: Ճուլիա եւ Սարգիսնախ կ'ապրին Պուրճ Համուտ, Արմենիա փողոցին վրայ: Սարգիսին եղբօր ընտանիքը կ'ապրէր նոյն շէնքին մէջ, եւ գետնայարկին վրայ փուռ մը ունէր: Անոր եղբօրորդին՝ Ասատուր Պզտիկեանը, շուրջ 14 տարեկան էր, տաղանդաւոր գեղանկարիչ մը, որ սակայն դպրոցով չէր հետաքրքուած: Սոնան Ասատուրը կը ներկայացնէ գեղանկարիչ Ժան Կիւվտերէլեանին (Պէյրութ, 1923-2016), որ հետագային կը բանայ Կիւվտեր հիմնարկը. Ասատուր անոր յաջողակ աշակերտներէն մէկն էր: Փարիզ մեկնելէ առաջ, Ասատուր Սոնային շնորհակալութիւն կը յայտնէ անոր նուիրելով իր 1958-ին գծած գեղանկարներէն մէկը:

1960-ական թուականներուն, Սարգիսն ու Ճուլիան տուն մը կը կառուցեն Պէյթ Մէրիի Տէյր էլ Քալաա շրջանը, հին հռոմէական քաղաքի մը հողատարածքին վրայ, ուր փորելու ատեն աւերակներ կը գտնուին: Սարգիս ինք կ'եփէր գրեթէ բոլոր ճաշերը. կարմիր ոսպով անոր «Մարաշ»ի ապուրը շատ համով էր: Զոյգը հիւրասէր էր եւ Ճուլիային բարեկամները կը զուարճացնէր միմոսական դերերով. Ճուլիան կը ներկայանար Թարզանն ու Ճէյնը կամ Ֆամ Ֆաթալը ներկայացնող հագուստներով:

Անահիտ (ծնեալ՝ ծանօթ չէ) Եումուրթաճեանի (ծնած Պոլիս, մօտ 1923-ին, մահացած Պէյրութի քաղաքացիական պատերազմին ժամանակ), սիրեցեալը՝ Օննիկ Եումուրթաճեան հեռացած էր Թուրքիայէնեւ մեկնած Արժանթին: Երբ զոյգը ամուսնանալու կը պատրաստուէր, անոնք կ'որոշեն տեղափոխուիլ եւ հաստատուիլ Պէյրութ:

Զոյգը կը բնակէր Համազգայինի Ճեմարանին դիմացի շէնքը. Պէյրութի մէջ հայկական դպրոց մը՝ որ հիմնուած էր 1930-ին: Զոյգը զաւակ չունէր, եւ անոնք շատ մտերմիկ կապեր ունէին իրենց հայ դրացիներուն եւ բարեկամներուն հետ: Օննիկը սեփականատէր էր օդափոխիչի ընկերութեան մը. երբ ան կը մահանայ, Պէյրութի քաղաքացիական պատերազմի ատեն, Անահիտ կը սկսի դաշնամուր սորվեցնել մանուկներուն:

Սոնա (ծնեալ Ալլահվերտի) Բագրատ Պագալեան (ծնած Պոլիս, 25 Մայիս 1922-ին, մահացած Նիւ Եորք, 27 Մարտ 2006-ին) Ալլահվերտեան էր ծնած ատեն, բայց 1934-ին, Թուրքիա կը հրապարակէ Մականունի Օրէնքը, եւ ստիպուած՝ հայերը կը ջնջեն «եան»-ը ու կը թրքացնեն իրենց անունները. անոր ընտանիքը կը դառնայ Ալլահվերտի:

Սոնա կ'ունենայ երջանիկ մանկութիւն մը, եւ անոր մեծմայրերու, մօրաքոյրներու եւ քեռիներու փոքր ընտանիքը կը փայփայեն զինք: Ան կը ստանայ հայկական կրթութիւն: Նախ կը յաճախէ Արամեան-Ունճեան Վարժարանը [Արամեան Նախնական Դպրոց] Մոտայի մէջ, Պոլսոյ ասիական կողմը: Հետագային, երբ անոր ընտանիքը կը փոխադրուի Քուրթուլուշ՝ Պոլսոյ եւրոպական կողմը, ան իր ուսումը կը շարունակէ Թաքսիմ-Պէյողլուի Էսայեան վարժարանը, ուր իր վկայականը կը ստանայ 1938-ին:

Սոնա ապա կը հետեւի ձեւագիտութեան, դերձակութեան, ֆրանսերէնի, դաշնամուրի, ասեղնագործութեան, քրոշէի, խոհարարութեան եւ այլ հմտութիւններ զարգացնող դասընթացքներու, որոնք երիտասարդ աղջիկները կը մարզէին ու կը պատրաստէին տան պատասխանատւութիւններու եւ մայրութեան:

1949-ի աշնան, Սոնային ընտանիքը իր հարազատներէն կը ստանայ նամակ մը, որ զիրենք Պէյրութ կը հրաւիրէր, որովհետեւ իր մեծմայրը՝ Նեվրիկը (ծնեալ Իյնէճեան) Ալլահվերտին, երկար ատենէ չէր տեսած իր քոյրը՝ Տիրուհի (ծնեալ Իյնէճեան) Աշըգեանը: Սոնան, հայրը՝ Գէորգը, մայրը՝ Գոհարը եւ Նեվրիկ մեծմայրը 1949-ին, Պոլիսէն օդանաւով կը մեկնին Պէյրութ:

Այս ճամբորդութիւնը նաեւ առիթ մըն էր Սոնան ներկայացնելու Տիրուհիին թոռան՝ Բագրատ Սարգիս Պագալեանին: Անոր մայրը՝ Հայկուհի Պագալեանը (այրիացած 1937-ին), կ'ուզէր, որ ան վերամուսնանայ: Ամէն բան լաւ կ'ընթանայ, եւ նախքան այցելուներուն Պոլիս վերադարձը, Պագալեաններու Խանտաք էլ-Ղամիքի տան մէջ հարսանիք տեղի կ'ունենայ, որովհետեւ քանի մը տարեց տիկնայք դժուար թէ պիտի կրնային երեք անգամ օդանաւով ճամբորդել: Սոնա կը միանայ մեծ ընտանիքի մը, բազմաթիւ բարեկամներու ու ծանօթներու եւ նոր երկրի մը, ուր արաբերէն կը խօսին:

Տան մէջ կ'ապրէին անոր կեսուրը՝ Հայկուհին, մեծմայր խնամին՝ Տիրուհին եւ իրենք՝ նորապսակ զոյգը: Դեռ, Հայկուհիին կրտսեր քոյրը՝ Մարինա Աշըգեանը, որ իր ամուսնոյն՝ Պետրոսին եւ երկու աղջիկներուն՝ Շաքէին եւ Սիրարփիին հետ կը բնակէր Պագալեաններէն ընդամէնը քանի մը վայրկեան հեռու, ամէն օր կ'այցելէր իր մօրը եւ քրոջը, ու նպարեղէնի գնումներ կ'ընէր անոնց համար: Տարեկից ըլլալով, նաեւ՝ շատ բարի, Շաքէն եւ Սիրարփին կ'օգնեն Սոնային՝ շաղուելու Պէյրութի հայկական համայնքին հետ: Անոնց բարեկամները կ'ըլլան իր բարեկամները:

Սոնա կ'ունենայ չորս զաւակ, բոլորը Յունուարին ծնած: Վերջին յղութիւնը երկուորեակներ էին, սակայն Հուրին կը մահանայ իբրեւ նորածին.

  • Անի Պագալեան (ծնած Պէյրութ, 1951-ին) իր ընկերաբանութեան դոկտորականը կը ստանայ Քոլոմպիա համալսարանէն, կը գրէ երկու գիրք եւ բազմաթիւ յօդուածներ: Նաեւ՝ Նիւ Եորքի Քաղաքային Համալսարանի Ընթացաւարտներու բաժնին մէջ կը հիմնէ Միջին Արեւելքի եւ Միջին Արեւելեան Ամերիկեան Կեդրոնը:
  • Սարգիս Պագալեան (ծնած Պէյրութ, 10 Յունուար 1952-ին, մահացած Պէյրութ 6 Նոյեմբեր 2009-ին) Պէյրութի Պագալեան ջաղացքի ընկերութեան (SIDUL) վարչական պատասխանատուներէն մէկը:
  • Ռուպի (ծնեալ Պագալեան) Հրանդ Կիւլեան (ծնած Պէյրութ, 1953-ին) Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն կը ստանայ մագիստրոսի աստիճան հնագիտութեան մէջ, նաեւ՝ խոհարարութեան վկայագիր Նիւ Եորքի Ճաշարանային դպրոցէն:

Սոնային կեսուրը՝ Հայկուհին եւ անոր մայրը՝ Տիրուհին, կ'օգնեն երեխաներու հոգատարութեան, կը շարունակեն ճաշերը պատրաստել ու զբաղիլ տան խնամքով: 1957-ին, Բագրատը եւ Սոնան վերելակով տուն մը կը փոխադրուին Պատարոյի արդիական շէնքերէն մէկուն մէջ, նոր թաղամաս մը՝ քաղաքի ծայրամասին եւ օդակայանին մօտ: 1958-ին, քաղաքացիական անապահովութիւն կը ստեղծուի Լիբանանի մէջ, այնպէս որ Հայկուհին եւ Տիրուհին կը փոխադրուին Պատարօ, Սոնային մօտ: Այդ ժամանակ Սոնան ինք ստանձնած էր երեխաներուն հոգատարութիւնը, կ'եփէր ճաշերը, կը խնամէր բնակարանը, նաեւ՝ մօտէն կը հետեւէր ամուսնոյն գործի հոլովոյթին, եւ կը կազմակերպէր իրենց ընկերային կեանքը:

1950-ական թուականներէն սկսեալ, Սոնան առնչուած էր «Վերածնունդ» միութեան, անշահոյթ կազմակերպութիւն մը՝ որ կը հովանաւորէր մարզական խաղեր, ունէր հայ երգի եւ երաժշտութեան անսամպլ մը, նաեւ՝ կը կազմակերպէր մշակութային երեկոներ, ինչպէս, օրինակ, երբ Սիլվա Կապուտիկեան (1919-2006)՝ «քսաներորդ դարու հայ բանաստեղծութեան տիկինը» Պէյրութ կ'այցելէ 1963-ին: Կիներու յանձնախումբը նաեւ կու տար խոհարարութեան դասընթացքներ, անգլերէնի դասընթացքներ, իսկ Ծննդեան տօնին առիթով, կաղանդ պապայի ձեռնարկ կը կազմակերպէր կարօտեալ մանուկներու համար, եւ զանոնք կ'ուրախացնէր նուէրներով:

Սոնան ընկերային էր եւ իր բարեկամներուն մեծ մասը կը պահէ ամբողջ կեանքին ընթացքին, ուր որ ալ գտնուէր ան: Նախ Սոնան Պոլսոյ մէջ կը բարեկամանայ դպրոցի աղջիկներուն եւ այլ տեղացիներու հետ: Ամուսնանալէն ետք, Շաքէ (ծնեալ Աշըգեան) Նաճարեանը Սոնային կը ծանօթացնէ իր բարեկամները, որոնք կը դառնան նաեւ Սոնային բարեկամները: Միանալով Վերածնունդին, ան կը բարեկամանայ յանձնախումբի միւս անդամներուն հետ: Սոնա կը բարեկամանայ նաեւ պոլսահայ կիներու հետ, որոնք կը բնակէին Պէյրութ իրենց ամուսիններուն/ընտանիքներուն հետ:

1960-ական թուականներուն, Սոնան կը սկսի օգնել Ծերանոցին (Հայ Տարեցներու Տուն), Պուրճ Համուտի մէջ, եւ ՔԱՀԼ-ին՝ Լիբանանի մէջ գործող հայ անկարներու յատուկ կեդրոններ, եւ 1970-ականներուն կը ծառայէ իբրեւ նախագահը այս հաստատութիւններուն: Կարելու իր հմտութիւնները նաեւ օգտագործելով, ան Պհարսաֆի (Պիքֆայայի մօտ) SOS մանկական գիւղին մէջ, շաբաթական այցելութիւններով կ'օգնէ տեղւոյն դերձակուհիներուն: Սոնան նաեւ կը զօրակցի Սուրբ Էջմիածնի տիկնանց միութեան, եւ 1981-ին, ան մաս կը կազմէ սոյն միութեան անդամներուն Խորհրդային Հայաստան այցելութեան խումբին. հոս կը հանդիպի Վազգէն Ա կաթողիկոսին (1955-1994) հետ: Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ը, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ,  2005-ին Սոնան կը պարգեւատրէ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով եւ կոնդակով՝ իր նուիրումին, յանձնառութեան, ունեցած ներդրումին եւ ծառայութեան համար:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը կը սկսի 1975-ին: Սոնային ամուսինը կը մահանայ սրտի կաթուածի հետեւանքով, Ապրիլ 1976-ին: 1981-ին, երբ աղջիկները կը փոխադրուին Նիւ Եորք, ան կը միանայ անոնց: Մինչ Սոնային ընկերուհին՝ Ճուլիա (ծնեալ Պազիրկանեան) Պզտիկեանը իրեն քիչ մը անգլերէն սորվեցուցած էր, ան առանց բողոքի կը յարմարի միջավայրին: Նոր բարեկամներու կը ծանօթանայ, մինչ կը պահէ կապը իր վաղեմի բարեկամներուն հետ: Ան կը հանդիպի անոնց, երբ Պէյրութ կ'երթայ տեսնելու իր որդին՝ Սարգիս Պագալեանը: Կ'երթայ Պոլիս տեսնելու իր ընտանիքը, զարմուհիներն ու բարեկամները, իսկ Փարիզի մէջ կ'այցելէ Զապէլ (ծննեալ Մոմճեան) Փիլաւճեանին: Ան կը միանայ Մագրինէ (ծնեալ՝ անծանօթ) Շեքերճեանին և Էօժէնի (ծնեալ Ապաճեան) Սանտրիքին Մոնթեքաթինի Թերմէի մէջ (Ֆլորանսի հիւսիսը)՝ բուժիչ ջուրէն խմելու եւ բնական տաք աղբիւրի ջուրով մարմինը թարմացնելու համար: Ան կը դառնայ հպարտ ամերիկացի քաղաքացի եւ կը քուէարկէ ընտրութիւններուն: Սոնա կը վայելէ Մէնհեթընը եւ անոր հանրային պարտէզները, թանգարաններն ու ներկայացումները. ան իր պոլսեցի բարեկամուհիին՝ Սելմա Մարկոսեանին հետ կը գտնուէր Լինքոլն կեդրոնին մէջ տեղի ուեցող ցերեկային համերգի մը, երբ կաթուած կ'ունենայ, եւ կը մահանայ քանի մը օր ետք:

Հինգերորդ սերունդը

Արամ Պետրոս Իյնէճեանի շառաւիղները

Փիեռ Իյնէճեանը (ծնած Լոզան, 1940-ին) Արամ Իյնէճանի որդին է. ան կը քալէ իր հօր եւ մեծհօր ճամբէն, ու կը զբաղի արեւելեան գորգերու առեւտուրով: Երբ Արամ կը մահանայ, Փիեռ կը փակէ Պեռնի վաճառատունը, որ կարենայ աւելի մօտէն հետեւիլ արեւելան գորգերու առեւտուրին՝ Լոզանի 7 rue de Bourgհասցէով վաճառատան մէջ:

Փիեռ կ'ամուսնանայ Էլիզապէթի հետ: Մեղրալուսնի համար անոնք կ'երթան Պէյրութ: Ունին աղջիկ մը եւ տղայ մը.

  • Վեհանուշ Իյնէճեան (ծնած Լոզան, 1973-ին) Վօ քանթոնի դատաւորներէն է: Ունի երկուորեակներ՝ Պաթիսթ եւ Փիեռ (ծնած 2010-ին)
  • Ատրիէն Իյնէճեան (ծնած Լոզան, 22 Մարտ 1977-ին) դրամատնային գործարար է եւ ժամանակակից արուեստի հետեւորդ. ունի տղայ մը՝ Սեւան (ծնած 2007-ին)

1990-ականներու սկզբնաւորութեան, գորգերու գիները կը սկսին անկում կրել. եւրոպացիները հետաքրքրուած չէին արեւելեան գորգերով, որոնք այլեւս հնաձեւ կը նկատուէին: Հետեւաբար, 1995-ին Փիեռ Իյնէճեան իր վաճառատունը կը վերածէ ցուցասրահի: Փիեռին մասնագիտացումը կը վերաբերէր երկրաչափական, կառուցողական եւ պարզաբանական արդի արուեստներու: Այս մասնագիտացումըսկսած էր զարգացնել 1970-ականներու սկիզբէն, կը ճանչնար արուետագէտներէն շատերը: Անոր կազմակերպած ցուցահանդէսները կ'ընդգրկէին Ժոզէֆ Ալպըրսի, Ժան Արփի, Մաքս Պիլի, Լազլօ Մոհոլի-Նակիի, Լէոն Փոլք Սմիթի եւ Վիքթոր Վասարելիի գործերը:

1980-ական եւ 1990-ական թուականներուն, Փիեռ իր երկրորդ կնոջ Քանելի հետ կը ձեռնարկէ արշաւի մը դէպի հիւսիսային Հնդկաստան, Նեփալ, Մուսթանկ եւ Թիպէթ: Արձակուրդին ընթացքին, անոնք կը սիրահարին այս ժողովուրդներու մշակոյթներուն, եւ կը գնահատեն անոնց գորգերը, հիւսուածեղէնը, գծագրուած պահարանները եւ ազգագրական առարկաները: Չինաստանի մէջ, Փիեռ հիացմունք կ՚ապրի անոնց ժամանակակից արուետին նկատմամբ եւ կը գնէ արուեստի նմուշներ:

Երբ Փիեռ Իյնէճեան շուրջ 20 տարեկան էր, Իյնէճեան երեք սերունդ նոյն ատեն կ'աշխատէր տէօ Պուր փողոցին վրայ գտնուող գորգերու վաճառատան մէջ: Այդ օրերուն, Պետրոս Փիեռին կ'ըսէ. «Ցեղասպանութիւնը սարսափելի էր, բայց հիմա, երբ մենք կը գտնուինք Զուիցերիա, պիտի ապրինք զուիցերիացիի նման»: Պետրոս Իյնէճեան կը սիրէր իր հայ բարեկամներուն հետ ըլլալ, բայց չէր ուզեր առնչուիլ հայկական կազմակերպութիւններու եւ եկեղեցիներու հետ: Փիեռ կը հետեւի մեծհօրը խրատին: 7 Դեկտեմբեր 1988-ին, երբ 6,8 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը կը ցնցէ Խորհրդային Հայաստանը, եւ շուրջ 25,000-էն 50,000 հայեր կը մահանան, ու աւելի քան 130,000 հոգի կը վիրաւորուին, Փիեռ չէք մը կ'ուղարկէ Ժընեւի հարաւը գտնուող Հայ Առաքելական Սուրբ Յակոբ եկեղեցիին, սակայն ան իր նուիրատւութիւնը կը պահէ անանուն: Ան նաեւ իր գորգերու վաճառատունը կը յատկացնէ ոչ-դրամական նուիրատւութիւններու՝ հիմնականօրէն հագուստեղէնի համար, եւ բազմաթիւ զուիցերիացիներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն:

2010-ի շուրջ Փիեռ Իյնէճեան հանգստեան կը կոչուի Վերպիէի մէջ (Վալէ քանթոն), բայց իր նախնիներուն նման կը շարունակէ մնալ գործարար, եւ իբրեւ այդպիսին, Ալպեան լեռներուն վրայ գտնուող սքիի այս կեդրոնին մէջ, ան կը բանայ փոքր խանութ մը եւ գրասենեակ մը: Զարմանալի չէ, որ ան ծախու կը դնէ ասիական առարկաներ եւ քիչ մը գորգ: Ան կ'ապրի շալէի մը մէջ, որ զարդարուած է ժամանակակից արուեստով: Տարին քանի մը անգամ Ժընեւէն կը ճամբորդէ Քո Սամուի՝ թայլանտական կղզի մը: Ան հպարտ է իր զաւակներով (աղջիկ մը եւ տղայ մը) եւ անսահմանօրէն կը սիրէ իր թոռները:

Փաթրիք Պերնար Իյնէճեան (ծնած Լոզան, 1943-ին) Արամ Իյնէճեանի որդին է: 1962-ին ան կ'աւարտէ Ժիմնազ Քլասիք Քանթոնալ երկրորդական վարժարանը, որմէ ետք կը յաճախէ Լոզանի համալսարանը, եւ իբրեւ բժիշկ կը վկայուի 1968-ին:

Փաթրիք կ'ամուսնանայ Տիթլինտ Ս. Մայէրի հետ, 1971-ին, եւ կ'ապրի Լոզան, Avenue de Rumineի վրայ: Անոնք ունին երկու որդի.

  • Նիքոլաս Փիեռ Իյնէճեան (ծնած մօտ 1974-ին), կալուածոցի փորձագէտ փաստաբան է Զուիցերիոյ մէջ. ունի երեք զաւակ՝ Ալիս (ծնած 2001-ին), Եոաքիմ (ծնած 2004-ին) եւ Ուլիսէ (ծնած 2018-ին): Բոլորը կ'ապրին Լոզան:
  • Մարք Ալեքսանտր Իյնէճեան (ծնած մօտ 1977) իրաւաբան է Ժընեւի մէջ, մասնագիտացած առեւտրական ընկերակցութիւններու միաձուլման եւ տիրացումներու վերաբերող հարցերու մէջ: Ան ունի երկու որդի՝ Փօլ (ծնած 2005-ին) եւ Ալեքսան (ծնած 2008-ին)

Փաթրիք Իյնէճեանի ասպարէզը կեդրոնացած էր կենսաբժշկական հետազօտութիւններու վրայ, հիմնականօրէն Զուիցերիոյ մէջ, սակայն ան 1973-1975 տարիները կ'անցնէ Ֆիլատելֆիոյ Թեմփլ համալսարանի բժշկական բաժանմունքին մէջ: Անոր առաջին որդին՝ Նիքոլան կը ծնի Մ. Նահանգներու մէջ: Ան կը յաջողի նմանակել ստնաւորային կլուքոկինազ էնզայմի ծինը: 1984-էն մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը՝ տոքթ. Փ. Իյնէճեանի անունը կը մնայ կապուած Ժընեւի համալսարանի բժշկական բաժանմունքին հետ:

Ժամանակակից արուեստի հանդէպ Արամի եւ Ժորժէթի ունեցած սէրը կը փոխանցուի իրենց զաւակներուն, նաեւ՝ Փաթրիքին եւ Տիթլինտին ու անոնց զաւակներուն: Անոնց բնակարանին պատերը զարդարուած են հռչակաւոր գեղանկարիչներու գործերով:

Անն Մարի (ծնեալ Իյնէճեան) Պուհլման (ծնած Լոզան, Նոյեմբեր 1945-ին, մահացած Լոզան, Մայիս 2019-ին) 1971-ին Սէն Թրոփէի մէջ կ'ամուսնանայ Ժան Քլոտ Պուհլմանի (1937-2015) հետ: Թէեւ անոր եղբայրը՝ Քրիսթիանը երեք օր առաջ մահացած էր դժբախտ պատահարի հետեւանքով՝ հարսանիքը տեղի կ'ունենայ: Այս զոյգը զաւակ չունենար, եւ ի վերջոյ անոնք կ'ամուսնալուծուին:

Անծանօթ տղամարդու մը լուսանկարը Սիւզմէեան/Իյնէճեան ընտանեկան պատկերատետրէն: Լուսանկարը՝ Պէհաէտտին Ռահմիզատէի (Resna լուսանկարչատուն), Բաձր Դուռ պողոտայ, Պոլիս:
Անծանօթ տղամարդու մը լուսանկարը Սիւզմէեան/Իյնէճեան ընտանեկան պատկերատետրէն: Լուսանկարը` Անդրանիկ Ճիվահիրճեանի, Սվազ/Սեբաստիա։
Անծանօթ տղամարդու մը լուսանկարը Սիւզմէեան/Իյնէճեան ընտանեկան պատկերատետրէն: Լուսանկարուած Նիքոլա Անտրիոմենոյի կողմէ, Քիոքչիլեր-Պաշի 99, Սուլթան-Պայազիտ, Պոլիս:
Անծանօթ հարսի մը լուսանկարը Սիւզմէեան/Իյնէճեան ընտանեկան պատկերատետրէն: Լուսանկարուած Սեպահի եւ Ժոալիէի մօտ, Փերա պողոտայ, No 439, Պոլիս։
Անծանօթ տղամարդու մը լուսանկարը Սիւզմէեան/Իյնէճեան ընտանեկան պատկերատետրէն: Լուսանկարը` Էլ-Պէտէր-ի, Սոսիէթէ Ֆոթոկրաֆիք, Զմիւրնիա (Իզմիր):
Անծանօթ տղու մը լուսանկարը Սիւզմէեան/Իյնէճեան ընտանեկան պատկերատետրէն: Լուսանկարը՝ Պասիլ Քարկոփուլոյի, Պոլիս, Téké Place du Tunel, թիւ 4։